Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, 21 Նոյեմբերին Հռոմի Սանթա Մարիա Մաժորիթի եկեղեցւոյ Քահանայապետական Արեւելագիտութեան Հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է հիմնարկի փրոֆեսոր Հայր Ճորճ Հանրի Ռոյսէնի բացառիկ եօթնհատորեակի շնորհահանդէսը: Ներկայ գտնուած են հիմնարկի նախագահ Տաւիտ Նազար, Սանթ Էճի-տիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիքարտի եւ Սանթ Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմփալիացցօ, Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, հասարակական-քաղաքական հատուածի ներկայացուցիչներ եւ իտալահայ գաղութի անդամներ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։ Գիրքին մէջ կը ներկայացուին Վատիկանի փակ արխիւներուն մէջ գտնուող ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը՝ համիտեան ջարդերէն մինչեւ քեմալական կառավարման շրջանի տարիներ, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ ամբողջական պատկերացում կազմելու ոճրագործութեան բոլոր հանգրուաններուն մասին՝ ցեղասպանութեան նախապատրաստութենէն մինչեւ գործադրութիւն եւ ուրացում։ Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս նշած է, թէ եօթնհատորեակը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ լրջագոյն ձեռքբերում է եւ պատմութիւն, որ նաեւ թուրքերունն է: «Հայր Ռոյսէնի աշխատանքը մեզ օգնում է յարաբերուելու փաստերի հետ: Այն մեզ օգնում է ընթերցելու անցեալը՝ դասեր քաղելով ապագայի համար»,- յայտնած է ան: Վատիկանի փակ արխիւներուն մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերը կը հրատարակուին
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, 21 Նոյեմբերին Հռոմի Սանթա Մարիա Մաժորիթի եկեղեցւոյ Քահանայապետական Արեւելագիտութեան Հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է հիմնարկի փրոֆեսոր Հայր Ճորճ Հանրի Ռոյսէնի բացառիկ եօթնհատորեակի շնորհահանդէսը: Ներկայ գտնուած են հիմնարկի նախագահ Տաւիտ Նազար, Սանթ Էճի-տիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիքարտի եւ Սանթ Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմփալիացցօ, Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, հասարակական-քաղաքական հատուածի ներկայացուցիչներ եւ իտալահայ գաղութի անդամներ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։ Գիրքին մէջ կը ներկայացուին Վատիկանի փակ արխիւներուն մէջ գտնուող ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը՝ համիտեան ջարդերէն մինչեւ քեմալական կառավարման շրջանի տարիներ, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ ամբողջական պատկերացում կազմելու ոճրագործութեան բոլոր հանգրուաններուն մասին՝ ցեղասպանութեան նախապատրաստութենէն մինչեւ գործադրութիւն եւ ուրացում։ Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս նշած է, թէ եօթնհատորեակը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ լրջագոյն ձեռքբերում է եւ պատմութիւն, որ նաեւ թուրքերունն է: «Հայր Ռոյսէնի աշխատանքը մեզ օգնում է յարաբերուելու փաստերի հետ: Այն մեզ օգնում է ընթերցելու անցեալը՝ դասեր քաղելով ապագայի համար»,- յայտնած է ան: