alt20էն 22 Նո­յեմ­բեր 2015ին, Հ.Յ.Դ. Ֆ­րան­սա­յի «­Նոր Սե­րունդ» Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կին հա­մադ­րու­մով՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղով`

«Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ Հայ Դա­տի վե­րա­նո­րոգ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան պայ­քա­րը» նիւ­թով:

Փա­րի­զի եւ Ար­ֆոլ­վի­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նիս­տե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 8 եր­կիր­նե­րէ ա­ւե­լի քան 70 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս ե­կան Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ­ներ Ար­մէն Ռուս­տա­մեան եւ Մու­րատ Փա­փա­զեան, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Սար­գիս Մկրտ­չեան, Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան, Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան Կեդ­րո­նի տնօ­րէն Հայ­կա­զուն Ալվր­ցեան եւ Հ.Յ.Դ. Ֆ­րան­սա­յի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ըն­կեր­ներ:

Ե­ռօ­րեայ դա­սա­խօ­սու­թեանց ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, Ար­ցա­խի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րու վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ վի­ճա­կը, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տուց­ման եւ հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հար­ցե­րը եւ ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ Հ.Յ.Դ.ի Հայ Դա­տի ռազ­մա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րը, քրտա­կան հար­ցը, ինչ­պէս նաեւ՝ Թուր­քիոյ հա­յու­թեան խնդիր­նե­րը:

Քն­նար­կում­նե­րու եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու ճամ­բով խորհր­դա­ժո­ղո­վը հա­սաւ հե­տե­ւեալ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն.-

1.- Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան մա­կար­դա­կը, պա­հան­ջա­տի­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն առն­չու­թեամբ, կը մնայ ան­բա­ւա­րար: Այս մար­տահ­րա­ւէ­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար, խորհր­դա­ժո­ղո­վը կը գտնէ, թէ անհ­րա­ժեշտ է ընդ­լայ­նել Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւն­նե­րու շար­քե­րը, ըն­դար­ձա­կել Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ Պա­տա­նե­կան Միու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րա­ծա­կա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րաց­նել ա­նոնց պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան մա­կար­դա­կը, մղե­լով ե­րի­տա­սարդ­նե­րը քա­ղա­քա­կա­նա­ցած եւ մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու:

2.- Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դու­թեան կե­ցո­ւած­քը հա­տուց­ման խնդի­րին եւ հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նկատ­մամբ ան­փո­փոխ է ու հե­տե­ւո­ղա­կան: Ո­ւիլ­սը­նեան ի­րա­ւա­րար վճի­ռով պա­հան­ջո­ւող տա­րածք­նե­րը կը կազ­մեն հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռանց­քը:

3.- Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սարդ­նե­րու յա­ւե­լեալ քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մը ուղ­ղա­կիօ­րէն կը նպաս­տէ օ­տար ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ հա­յան­պաստ կե­ցո­ւածք­նե­րու զար­գաց­ման` Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման, հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­տուց­ման եւ հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հար­ցե­րուն առն­չու­թեամբ: Միա­ժա­մա­նակ՝ խորհր­դա­ժո­ղո­վը կ’ընդգ­ծէ տե­ղա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ առ­կայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

4.- Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կա­րե­ւոր կը նկա­տէ պա­հան­ջա­տէր պոլ­սա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան աշ­խա­տան­քը: Խորհրդա­ժո­ղո­վը կը գտնէ, թէ ի­րենց հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն վե­րա­դար­ձող Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ հա­յու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը բա­նայ նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ ու հո­րի­զոն­ներ, ինչ­պէս նաեւ աշ­խա­տան­քի նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ:

5.- Ն­կա­տի առ­նե­լով շրջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րը եւ Թուր­քիոյ ներ­քին ի­րա­վի­ճա­կը` Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հայ-քրտա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կը մօ­տե­նայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­տե­սու­թեամբ եւ հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն նկատ­մամբ ի­րա­ւա­տէ­րի կե­ցո­ւած­քով:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կէն ետք, հա­տուց­ման եւ հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը կը թե­ւա­կո­խէ նոր հանգ­րո­ւան, ո­րուն յա­ջո­ղու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ է պա­հան­ջա­տէր հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կող­մէ գործ­նա­կան պայ­քա­րի ծա­ւա­լում: Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւն­նե­րու այս խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին փո­խան­ցո­ւած գի­տե­լիք­նե­րը, քննար­կում­ներն ու եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը կը մի­տին յա­ւե­լեալ թափ տա­լու այս պայ­քա­րին:

 

Հ.Յ.Դ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Ալ­ֆոր­վիլ, Ֆ­րան­սա - 22 Նո­յեմ­բեր 2015