­alt24 ­Նո­յեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, «­Ռո­սիա 1» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նէն տե­ղի ու­նե­ցած «Ե­րե­կոն Վ­լա­տի­միր ­Սո­լո­վիո­վի հետ» պատ­կե­րասփ­ռո­ւած բա­նա­վէ­ճի ծի­րին մէջ, Վ­լա­տի­միր ­Ժի­րի­նովս­քի խօ­սած է Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան կա­րե­լիու­թեան մա­սին:

«­Թուր­քիոյ հար­ցե­րը պէտք է լու­ծել, եւ պէտք է ը­նել ու­րի­շի ձեռ­քե­րով: ­Հա­յե­րը կ­՛ա­տեն թուր­քե­րը, ե­թէ մենք ա­նոնց ար­տօ­նենք ա­զա­տագ­րել ի­րենց ա­րեւմ­տեան տա­րածք­նե­րը, ա­նոնք հա­ճոյ­քով պի­տի ա­զա­տագ­րեն: ­Հա­յե­րը ա­տի­կա ար­դէն կա­տա­րած էին 1918ին, սա­կայն այդ ժա­մա­նակ ­Մոս­կո­ւան չօգ­նեց, ան ան­ցաւ ­Թուր­քիոյ կող­մը:

«­Քիւր­տե­րը կը սպա­սեն մեր օգ­նու­թեան. ե­թէ մենք քիւր­տե­րուն ը­սենք, որ կը ճանչ­նանք ի­րենց ան­կա­խու­թիւ­նը, իսկ ա­նոնց թի­ւը, ինչ­պէս յայտ­նի է, կը հաս­նի 20 մի­լիո­նի, իսկ մայ­րա­քա­ղա­քը ար­դէն յայտ­նի է, ­Տիգ­րա­նա­կերտն է:

Այս­պի­սով` Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լուն պի­տի դադ­րի իբ­րեւ այդ­պի­սին գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ:

Իբ­րեւ ար­դիւնք պի­տի ու­նե­նանք ան­կախ ­Քիւր­տիս­տան եւ ­Մեծ ­Հա­յաս­տան»: