­altՌու­սաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու Գլ­խա­ւոր ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի գլխա­ւոր գոր­ծուն վար­չու­թեան պետ հրա­մա­նա­տար ­Սեր­գէյ ­Ռուտս­գոյ յայ­տա­րա­րած է, որ ­Թուր­քիոյ հետ ռազ­մա­կան գծով բո­լոր շփում­նե­րը պի­տի դադ­րե­ցո­ւին:

Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, Ռ.Դ. գլխա­ւոր յանձ­նա­ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­տա­րը յայ­տա­րա­րած է՝ ­Թուր­քիոյ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րու կող­մէ ռու­սաս­տա­նեան ­Սու-24 ռմբա­կո­ծի­չը ­Սու­րիոյ տա­րած­քին խո­ցե­լու առն­չու­թեամբ:

­Սեր­գէյ ­Ռուտս­գոյ յայ­տա­րա­րած է, որ ­Սու­րիոյ մէջ ռու­սաս­տա­նեան օ­դա­նա­ւե­րու հա­մար հա­ւա­նա­կան վտանգ ներ­կա­յաց­նող բո­լոր թի­րախ­նե­րը պի­տի ոչն­չա­ցո­ւին: Հ­րա­մա­նա­տա­րի խօս­քով` Ռ.Դ. Գլ­խա­ւոր ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը ներ­կա­յիս լրա­ցու­ցիչ ձեռ­նարկ­ներ կը մշա­կէ ­Սու­րիոյ մէջ ռու­սաս­տա­նեան թռիչ­քա­յին կա­յա­նի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար: Ան ը­սած է, որ ­Նո­յեմ­բեր 24էն սկսեալ ռու­սաս­տա­նեան հա­րո­ւա­ծա­յին թռիչք­նե­րու բո­լոր գոր­ծո­ղու­թուն­նե­րը պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւին մի­միայն կոր­ծա­նիչ-օ­դա­նա­ւե­րու պաշտ­պա­նու­թեամբ:

«­Մի­ջոց­ներ պի­տի ձեռնարկուին նաեւ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­ղաց­ման գծով: Այդ նպա­տա­կով C-300 ՀՕ­Պի նման «­Ֆորտ» ՀՕՊ հա­մա­կար­գով սար­քա­ւո­րո­ւած «­Մոսկո­ւա» յա­ծա­նա­ւը պի­տի զբա­ղեց­նէ ­Լա­թա­քիոյ մեր­ձափ­նեայ շրջա­նը»,- յայ­տա­րա­րած է ռուս հրա­մա­նա­տա­րը:

Ն­շենք, որ Ռ.Դ. նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին ­Նո­յեմ­բեր 24ին ռու­սաս­տա­նեան ­Սու-24 ռմբա­կո­ծի­չը ­Սու­րիոյ տա­րած­քին ­Թուր­քիոյ կող­մէն խո­ցո­ւե­լու գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­նո­ւա­նած է «ա­հա­բե­կիչ­նե­րու յան­ցա­կից­նե­րու հա­րո­ւած Ռ.Դ.ի թի­կուն­քին»: «Այդ ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը լուրջ հե­տե­ւանք­ներ պի­տի ու­նե­նայ ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց հա­մար,- ա­ւել­ցու­ցած է ան: