Քեսապի մէջ, Շաբաթ՝ Նոյեմբեր 21ին ազատագրուած է կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Զահի լեռնագագաթը.- «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ եւ Քեսապի հայ հա մայնքի մամլոյ խօսնակ Կարօ Մանճիկեան՝ աւելցնելով, որ լեռնագագաթը կը գտնուի Քեսապէն 12-15 քլմ. հեռաւորութեան վրայ:
Մանճիկեան նշած է, որ սուրիական բանակը, ռուսական օդային ուժերուն հետ, քանի մը օր շարունակ ռմբակոծած է լեռնագագաթը եւ կրցած է ազատագրել զայն, ինչպէս նաեւ անոր մերձակայ բլուրներն ու հովիտները: Մինչ այդ, լեռնագագաթը կը գտնուէր զինեալներու վերահսկողութեան տակ. անոնք այդտեղէն կը հրթիռակոծէին Քեսապի շրջանները: Ինչ կը վերաբերի այժմ Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակին, Մանճիկեան յայտնեց, որ բանակը կը շարունակէ զինեալներէ մաքրել Զահի լեռնագագաթին մօտ գտնուող հովիտները եւ խիտ անտառները: Բացի Զահի լեռնագագաթէն, ազատագրուած են Քեսապէն 25-30 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող քանի մը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կէտեր: