­altԳան­ձա­սա­րի մէջ բա­ցո­ւե­ցաւ ­Մաշ­տո­ցի Ա­նո­ւան ­Մա­տե­նա­դա­րան-«­Գան­ձա­սար» ­Գի­տամը­շա­կու­թա­յին ­Կեդ­րո­նը: ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի բաց­ման ներ­կայ էին Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, հայ­կա­կան եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, մշա­կոյ­թի նա­խա­րար­նե­րը, բարձ­րաս­տի­ճան այ­րեր, ինչ­պէս նաեւ՝ հո­գե­ւոր դա­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: ­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ռի­թով տե­ղի ու­նե­ցած է ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի գի­տաշ­խա­տող­նե­րու «Ար­ցա­խի ման­րան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տը» եւ «Ար­ցա­խի գրչու­թեան կեդ­րոն­նե­րը» գիր­քե­րուն շնոր­հան­դէ­սը: ­Գան­ձա­սա­րի գի­տամ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի բաց­ման ա­ռի­թով՝ ­Սերժ ­Սարգ­սեան կեդ­րո­նին նո­ւի­րա­բե­րած է 12-13-րդ ­դա­րե­րու ­Կիւ­լիս­տա­նի Ա­ւե­տա­րան մը:

­Կեդ­րո­նը կազ­մո­ւած է գի­տա­կան եւ թան­գա­րա­նա­յին մա­սե­րէ, գի­տա­ժո­ղով­նե­րու, մշա­կու­թա­յին տա­րաբ­նոյթ ձեռ­նարկ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած դահ­լի­ճէ, գրա­դա­րա­նէ ու ըն­թեր­ցաս­րա­հէ: ­Նո­րա­բաց ցու­ցաս­րահ­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած են Ար­ցա­խի մէջ վաղ միջ­նա­դա­րէն մին­չեւ նոր շրջա­նը ստեղ­ծո­ւած 100է ա­ւե­լի ձե­ռա­գիր­նե­րու, Ար­ցա­խի պատ­մու­թեանն առն­չուող հա­զո­ւա­գիւտ վա­ւե­րա­գիր­նե­րու բնա­գիր­ներ ու ըն­դօ­րի­նա­կու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ հնա­տիպ գիր­քեր: ­Ցու­ցան­մուշ­նե­րու ստեղծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը մեկ­նար­կած են եօ­թը տա­րի ա­ռաջ եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հա­ւաստ­մամբ պի­տի ու­նե­նան շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ:

­Մա­տե­նա­դա­րան-­Գան­ձա­սար ­Գի­տամ­շա­կու­թա­յին ­Կեդ­րո­նի բա­ցու­մին խօսք ու­նե­ցան Ար­ցա­խի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար ­Նա­րի­նէ Ա­ղա­բա­լեան, Ե­րե­ւա­նի ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հ­րա­չեայ ­Թամ­րա­զեան, Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. նա­խա­գահ ­Ռա­դիկ ­Մար­տի­րո­սեան, Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սոր, հա­յա­գէտ ­Թել ­Մար­տե­նո­ւան­լինտ: Ե­լոյթ­նե­րէն ետք, հո­գե­ւոր հայ­րե­րու օրհ­նու­թեան եւ ա­ղօթ­քին ներ­քոյ՝ կա­տա­րո­ւե­ցաւ մա­տե­նա­դա­րա­նի հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը:

­Մա­տե­նա­դա­րա­նի շէն­քը հիմ­նա­նո­րո­գո­ւած է «­Փիւ­նիկ» մարդ­կա­յին աղ­բիր­նե­րու զար­գաց­ման հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով: ­Մաս­նա­ճիւ­ղը պի­տի գոր­ծէ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի կա­ռու­ցո­ւած­քին մէջ, եւ ա­նոր լիար­ժէք գոր­ծու­նէու­թեան ուղղուած աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ պի­տի կի­րա­ռո­ւին ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի գի­տա­կան ու գի­տա­տեխ­նի­կա­կան ողջ նե­րու­ժը: