Սու­րիոյ ներ­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ «­Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թի հրա­պա­րա­կու­մը ինք­նին հե­րո­սու­թիւն է։ Ու­րա­խա­լի է, որ «­Գան­ձա­սար»ի կայ­քը, ան­տե­սե­լով բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը, նաեւ նկա­տե­լի յա­ռա­ջըն­թաց կ’ու­նե­նայ: Գլ­խա­ւոր խմբա­գիր ­Զար­միկ ­Պօ­ղի­կեա­նի նշա­նա­կու­մէն ետք, նոր թափ ստա­ցաւ կայ­քի facebookեան է­ջը, եւ շա­բա­թա­թեր­թը իր ա­րագ եւ հա­ւաս­տի լրատո­ւու­թեամբ՝ Ս­փիւռ­քի միւս թեր­թե­րուն հա­մար դար­ձաւ սու­րիա­հա­յու­թեան ի­րա­վի­ճա­կի մա­սին ճիշդ ի­րա­զեկ­ման գլխա­ւոր աղ­բիւ­րը։ Այժմ թեր­թը ու­նե­ցաւ իր նոր կայ­քէ­ջը, որ ա­ռա­ւել մատ­չե­լի է ու ար­դիա­կան www.kantsasar.com