altՆո­յեմ­բեր 18էն 22 տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, ինչ­պէս նաեւ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի հա­յու­թեան ի նպաստ՝ Ֆ­րան­սա­յի «­Հա­յաս­տան» Հիմ­նադ­րա­մի Ֆո­նե­թոն-2015ը, կնքա­մայ­րու­թեամբ՝ Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տու­հի Անն Հի­տալ­կո­յի եւ կնքա­հայ­րու­թեամբ՝ ե­րես­փո­խան, Հօ-տը-­Սէ­նի Նա­հան­գա­յին Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Փաթ­

րիք Տէ­վէ­ճեա­նի:

Այս չորս օ­րե­րու ըն­թաց­քին, ա­ւե­լի քան 700 կա­մա­ւոր­ներ հե­ռա­ձայ­նե­ցին Ֆ­րան­սա­յի, Գեր­մա­նիոյ եւ Զո­ւի­ցե­րիոյ շուրջ 45.000 ըն­տա­նիք­նե­րու եւ ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու: Հան­գա­նա­կո­ւե­ցաւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ 1,33 մի­լիոն եւ­րօ, ա­ւե­լի ճիշդ՝ այդ գու­մա­րին հա­մա­պա­տաս­խան նո­ւի­րա­տո­ւութեան խոս­տում­ներ ձեռք ձգո­ւե­ցան: Այս առ­թիւ Ֆ­րան­սա­յի «­Հա­յաս­տան» Հիմ­նադ­րա­մի հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կ­՚ը­սուի.- «Տն­տե­սա­կան տագ­նա­պի եւ ա­պա­հո­վու­թեան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յի ի­րադ­րու­թեան մէջ, շուրջ 1000 նոր նուի­րա­տու­ներ միա­ցան ան­ցեալ տա­րի­նե­րու նո­ւի­րա­տու­նե­րուն, հասց­նե­լով նո­ւի­րա­տու ըն­տա­նիք­նե­րու եւ ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու թի­ւը 10.472ի։ Յա­ւե­լում ար­ձա­նագ­րեց նաեւ կա­մա­ւոր­նե­րու թի­ւը։ Փա­րի­զեան ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րը, ո­րոնք չկրցան վախց­նել եւ վհա­տեց­նել, մեր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն եւ կա­մա­ւոր­նե­րուն ցոյց տո­ւին, որ բար­բա­րո­սու­թեան դի­մադ­րու­թիւ­նը՝ զօ­րակ­ցու­թեամբ կը սկսի։ Այն պա­հուն երբ վերջ կը գտնէ Ֆո­նե­թոն-2015ը, այս ար­դիւնք­նե­րը յոյ­սի պատ­գամ մը կը հան­դի­սա­նան որ­քան Նո­յեմ­բեր 13ի ող­բեր­գու­թիւ­նը ապ­րած ֆրան­սա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, նոյն­քան ալ՝ Հա­յաս­տա­նի, Ղա­րա­բա­ղի, Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ա­մէն օր կ­՚ապ­րին զրկան­քի եւ ա­նա­պա­հո­վու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ։

Ֆո­նե­թո­նով հան­գա­նա­կո­ւած գու­մար­նե­րը ու­նին գլխա­ւոր ե­րեք հաս­ցէ­ներ.- Հա­յաս­տա­նի եւ Ղա­րա­բա­ղի կղզիա­ցած գիւ­ղե­րը, ի մաս­նա­ւո­րի՝ ա­նոնք, ո­րոնք սահ­մա­նա­կից են Ատըր­պէյ­ճա­նի, ա­պա նաեւ՝ Հա­լէ­պի եւ Քե­սա­պի բնակ­չու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց կը սպառ­նան ՏԱՀԷ­Շի ռմբա­կո­ծում­նե­րը, եւ հուսկ՝ Մու­սու­լի եւ Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի գաղ­թա­կան­նե­րը։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

alt22 Նո­յեմ­բեր 2015ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տան Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի Յու­նաս­տա­նի տե­ղա­կան մար­մնի տա­րե­կան դրա­մա­հա­ւա­քը։

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով երկ­րի տնտե­սա­կան վի­ճա­կը, ինչպէս որ վար­չու­թիւ­նը նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րած էր՝ Ֆոնեթոնը ըն­թա­ցաւ նո­ւի­րա­տու­նե­րու ինք­նա­բուխ դի­մու­մով։

Վար­չու­թիւնս եւ ամբողջ Հ.Հ. Հիմ­նադ­րա­մի ըն­տա­նի­քը իրենց սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նեն բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն՝ մաղ­թե­լով քա­ջա­ռող­ջու­թիւն եւ բո­լո­րին վարձ­քը կա­տար։

Ցարդ հա­ւա­քո­ւած գու­մա­րը 28.665 եւ­րօ է եւ կը շա­րու­նակուի հե­ռա­ձայ­նե­լով Հիմ­նադ­րա­մի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ կամ փո­խան­ցելով ՓԻՐԷՈՍ դրա­մա­տան հա­շի­ւին թիւ՝ GR 4101721950005195050350189 ար­ձա­նագ­րե­լով ձեր ա­նու­նը՝ ստա­նա­լու հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան ստա­ցա­գի­րը։

Յ.Գ. Կրնաք հեռաձայնել գրասենեակ՝ 210 490 7867, 210 490 7807

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ