alt18 ­Նո­յեմ­բե­րին, Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Մոն­թե­պել­լօ քա­ղա­քի «Դ­րօ» ­Կո­մի­տէու­թիւ­նը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թեան ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան նո­ւի­րած է ա­մե­րի­կեան հրշէջ ինք­նա­շարժ մը: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցած է քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ՝ շնոր­հիւ քա­ղա­քա­պետ ­Ճեք ­Հա­ճի­նեա­նի հետ տա­րո­ւած միա­ցեալ աշ­խա­տան­քին։

­Յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղած են ­Մոն­թե­պել­լո­յի քա­ղա­քա­պետ ­Ճեք ­Հա­ճի­նեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ա­լեօ­շա ­Գաբ­րիէ­լեան, Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմը­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ ­Լե­ւոն ­Կի­րա­կո­սեան, ­Մոն­թե­պել­լո­յի «Դ­րօ» ­Կո­մի­տէու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Սար­գիս ­Նու­րեան, ­Կո­մի­տէու­թեան ան­դամ­ներ, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­պետ ­Սու­րէն Գ­րի­գո­րեան, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան տնօ­րէն Ար­թուր ­Յա­րու­թիւ­նեան:

­Սար­գիս ­Նու­րեան իր խօս­քին մէջ նշած է, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ջան­քե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեան շնոր­հիւ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ այս ծրա­գի­րը: «Ն­ման աշ­խա­տանք­ներ շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ պի­տի ու­նե­նան։

Ա­սի­կա ըն­դու­նե­ցէք ո՛չ թէ իբ­րեւ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն, այլ մեր կող­մէ ար­ցախ­ցի­նե­րուն հան­դէպ ու­նե­ցած պար­տա­կա­նու­թեան դրսե­ւո­րում»,- յայտ­նած է ան։