altՇո­ւէ­տի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, մայ­րա­քա­ղաք Ս­թոք­հոլ­մի մէջ գտնո­ւող Շի­րա­թոն հիւ­րա­նո­ցին մէջ, Նո­յեմ­բեր 18ին կազ­մա­­կեր­պո­ւած էր բազ­մամ­շա­կու­թա­յին եւ կրօ­նա­կան հա­մե­րաշ­խու­թեան նո­ւի­րո­ւած Սե­մի­նար, ո­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի գլխա­ւոր միւֆ­թին եւ այլ կրօ­նա­կան այ­րեր։

Այս մա­սին «Ե­ռա­գոյն»ին փո­խան­ցած են Շո­ւէ­տի իր աղ­բիւր­նե­րը։

Շո­ւէ­տի Հ.Յ.Դ. Հիւ­սի­սեան Ա­ռանձ­նա­կի Կո­մի­տէի եւ Հ.Յ.Դ. Շո­ւէ­տի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցած է քա­րոզ­չա­կան ցոյց. հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հիւ­րա­նո­ցին դի­մաց բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով եւ Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ քան­դո­ւած հայ­կա­կան յու­շան­կար­նե­րու նկար­նե­րով եւ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով՝ թեր­թիկ­ներ բաժ­նած են ան­ցորդ­նե­րուն եւ ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն։

«Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը թեր­թիկ­նե­րը կար­դա­լով ող­ջու­նեց մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, բայց այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ մեր անձ­նա­գիր­նե­րը գրա­ւե­ցին, հիւ­րա­նո­ցի տնօ­րի­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի զայ­րա­ցած էր, ա­նոնք թոյլ չտուին, որ հա­յե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ պաշ­տօ­նա­պէս հրա­ւի­րո­ւած էր ժո­ղո­վին, ներս մտնէ»,- յայտ­նած է ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րէն մէ­կը։