Աշխարհահռչակ երգիչ Սերժ Թանկեանի կիթառը, որ ան նուագած է System of a Downի «Արթնցուցէք հոգիները» (Wake Up the Souls) շրջագայութեան ընթացքին, աճուրդով վաճառուած է 27 հազար տոլարով:
Այս մասին երգիչը գրած է Facebookի իր էջին մէջ: «Ապշեցուցիչ լուր. «Արթնցուցէք հոգիները»ը շրջագայութեան ընթացքին օգտագործած կիթառս, որ ստորագրուած է խումբի անդամներուն կողմէ վաճառուեցաւ 27 հազար տոլարով օժանդակելու «Օրրան»ի փոքրիկներուն»:
Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան դրամահաւաք-ճաշկերոյթի ժամանակ կազմակերպուած աճուրդին վաճառուած կիթառի ամբողջ գումարը պիտի փոխանցուի վանաձորաբնակ կարիքաւորներուն:
System of a Down ռոք խումբը կ՛օգնէ կարիքաւոր երեխաներուն եւ տարեցներուն Վանաձորի մէջ: