Նոյեմբեր 8ին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքին մէջ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի բարձր հովանիի ներքոյ, տեղի կ’ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած Յիշատակի Խաչքարի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւն:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջը:
Ձեռնարկը պիտի իրականացուի Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Ուիլոուպի քաղաքային խորհուրդի համագործակցութեամբ:
Աւելցնենք, որ 2015 թուականի Մայիսին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր: