­altՀոկ­տեմ­բեր 29ին, ­Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ժխ­տո­ղա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի ազ­գա­յին 5րդ ­գի­տա­ժո­ղո­վը, որ­պէս թե­մա ու­նե­նա­լով՝ «100 տա­րի ետք, ժխտել ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

­Նիս­տը, որ կը վա­յե­լէր Ֆ­րան­սա­յի ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­հի Ք­րիս­թին ­Թո­պի­րա­յի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ծա­նօթ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­գէտ Ֆ­րէ­տէ­րիք Ան­սէ­լի կող­մէ: Զ­րու­ցա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած էր ԱՅԲ-Էֆ-Էմ հայ­կա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռի հա­ղոր­դա­վար ­Վար­դան ­Գաբ­րիէ­լեան: ­Ներ­կայ էին շուրջ 100 մաս­նա­կից­ներ, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ­Փա­րի­զի գոր­ծա­րա­րու­թեան վար­ժա­րա­նի (Paris School of business) ու­սա­նող­ներ: ­Զե­կու­ցե­ցին պատ­մա­բան­ներ ­Վէն­սան ­Տիւք­լէռ, Իվ ­Թէր­նոն եւ Գ­լէր ­Մու­րա­տեան, լրագ­րող ­Կայծ ­Մի­նա­սեան եւ Ֆ­րան­սա­հայ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դի (CCAF) հա­մա­նա­խա­գահ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան: ­Վեր­ջինս ար­տա­յայ­տեց հայ հա­մայն­քի մտա­հո­գու­թիւ­նը՝ ի տես ­Փէ­րին­չէ­քի մա­սին Մ.Ի.Ե.Ա.ի վճի­ռին՝ նշե­լով, որ «Մթ­նո­լոր­տը ա­պա­ռողջ է. ա­զա­տու­թիւ­նը պէտք չէ շա­հա­գոր­ծել՝ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը»։

Ա­պա՝­տե­ղի ու­նե­ցաւ կլոր-սե­ղան մը, ո­րու ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան ­Պեր­նար Պ­րու­նը­թօ, Ար­մէն ­Գու­յում­ճեան եւ ­Րաֆ­ֆի-­Ֆի­լիփ ­Գալ­ֆա­յեան, որ հար­ցադ­րու­մի են­թար­կե­լով ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պատ­ժե­լիու­թիւ­նը, հարց բարձ­րա­ցուց, թէ ար­դեօք իս­կա­պէս ճի՞շդ լու­ծում մըն է ա­տի­կա:

Գի­տա­ժո­ղո­վը վերջ գտաւ CCAFի հա­մա­նա­խա­գահ Ա­րա ­Թո­րա­նեա­նի, ­Կայծ ­Մի­նա­սեա­նի եւ թուրք քա­ղա­քա­գէտ Ա­լի ­Քա­զան­ճը­կի­լի զե­կու­ցում­նե­րով: