­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Կի­րա­կի՝ 25 Հոկ­տեմ­բե­րին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4:00ին, Լի­բա­նա­նի թե­մի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ` Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին, Սր­բոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց, Ս. Սար­գիս, Ս. Ն­շան, Ս. Յա­րու­թիւն (­Ռը­մէյլ), Ս. Յա­րու­թիւն (­Ժու­նիէ), Սր­բոց Վար­դա­նանց, Ս. Գէորգ, Ս. Յով­հան­նու Կա­րա­պետ եւ Ս. Յա­կոբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ 100 մա­նուկ­նե­արու մկրտու­թիւն` սրբա­լոյս նոր միւ­ռո­նով: Իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պե­տը ստանձ­նած էր կնքա­հօր պաշ­տօ­նը, իսկ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հին` կնքա­մօր:

Ս. Ն­շան Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մկրտո­ւե­ցան 10 մա­նուկ­ներ: Սոյն հա­ւա­քա­կան մկրտու­թեան նա­խա­գա­հեց եւ նոր միւ­ռո­նով մա­նուկ­նե­րը օ­ծեց` Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Շա­հէ Եպս. Փա­նո­սեան: Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Սր­բա­զա­նը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կա­նե­րուն` յայտ­նեց, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով ծրագ­րած են կա­տա­րել հա­ւա­քա­կան մկրտու­թիւն, որ­պէս­զի այդ մկրտու­թեամբ քիչ մը ա­ւե­լի մօ­տե­նանք Աս­տու­ծոյ, եւ Աս­տո­ւած քիչ մը ա­ւե­լի մօ­տե­նայ մեր կեան­քին ու մեր ըն­տա­նի­քին: Ան ը­սաւ, որ սփիւռ­քի մեր պայ­ման­նե­րուն մէջ կը զո­հենք մեր յի­շո­ղու­թե­նէն, մեր ժա­ռան­գած ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րէն, նաեւ պար­բե­րա­բար կը զո­հենք քրիս­տո­նէա­կան մեր ա­ւանդ­նե­րէն եւ կը հե­ռա­նանք մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն եւ կա­ռոյց­նե­րէն` մոռ­նա­լով, որ այդ բո­լո­րը կ­’ա­պա­հո­վեն մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան գո­յու­թիւ­նը: Անդ­րա­դառ­նա­լով մկրտու­թեան կար­գին, Սր­բա­զա­նը բա­ցատ­րեց, որ այդ ե­րե­ւոյ­թը դա­րա­ւոր ան­ցեալ ու­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, իսկ Ս. Միւ­ռո­նը մեր ինք­նու­թեան, մեր ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րին եւ մեր էու­թեամբ շա­ղա­խո­ւած սրբու­թիւն է: