altԱշ­խար­հի երկ­րորդ ա­մե­նա­հին` Օքս­ֆոր­տի հա­մաս­լա­րա­նի Պոտ­լէեան Գ­րա­դա­րա­նը կը պատ­րաս­տո­ւի, պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, ցու­ցադ­րու­թեան հա­նել հայ­կա­կան հա­զո­ւա­գիւտ ձե­ռա­գիր­նե­րու եւ տպա­գիր գրա­կա­նու­թեան իր հա­ւա­քա­ծոն: «­Հա­յաս­տան. յա­րա­կա­յուն մշա­կոյ­թի ձե­ռա­գիր­

նե­րը» խո­րա­գի­րը կրող ցու­ցա­հան­դէ­սը նո­ւի­րո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դի 2500ա­մեայ պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թին:

Ինչ­պէս Պոտ­լէեան Գ­րա­դա­րա­նի հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պի եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու Է­լեյն Պայ­պըլ «Ար­մէնփ­րես»ին կը տե­ղե­կաց­նէ, հան­րու­թեան պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րու, տպա­գիր գրա­կա­նու­թեան, հայ­կա­կան հա­մայն­քի կի­րա­ռա­կան ա­րո­ւես­տի եւ հո­գե­ւոր ի­րե­րու 100է ա­ւե­լի նմոյշ­ներ, ինչ­պէս գրա­դա­րա­նի, այն­պէս ալ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րէ, ո­րոնք պա­հո­ւած են Հա­յաս­տա­նի, Հո­լան­տա­յի եւ Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ:

Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը այ­ցե­լու­նե­րու առ­ջեւ իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ Հոկ­տեմ­բեր 23ին:

Պոտ­լէեան Գ­րա­դա­րա­նը Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­հին գրա­դա­րան­նե­րէն է, իսկ Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ, Բ­րի­տա­նա­կան գրա­դա­րա­նէն ետք, մե­ծու­թեամբ երկ­րորդն է` իր 11 մի­լիոն նմոյ­շով: Գ­րա­դա­րա­նը գլխա­ւո­րա­պէս կը գոր­ծէ որ­պէս գրա­դա­րան-ըն­թեր­ցաս­րահ, եւ այն­տեղ պա­հո­ւող փաս­տա­թուղ­թե­րը հի­մնա­կա­նօ­րէն չեն կրնար դուրս հա­նո­ւիլ ըն­թեր­ցա­սե­նեակ­նե­րէն: Գ­րա­դա­րա­նը ու­նի հա­յե­րէն ձե­ռա­գիր­նե­րու եւ գիր­քե­րու բա­ւա­կան հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոյ: Ցու­ցակ­նե­րու մէջ պահ­պա­նո­ւած նմոյշ­նե­րուն հա­մա­ձայն` գրա­դա­րա­նը ա­ռա­ջին հա­յե­րէն ձե­ռագ­րիը ստա­ցած է 1635 թո­ւա­կա­նին Ար­քե­պիս­կո­պոս Լաու­տի կող­մէ: