1.350.000 եւրօ հանգանակուեցաւ Եւրոպայի Ֆոնեթոնէն

Երէկ Կիրակի երեկոյեան իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի տարածքին կազմակերպուած Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ֆոնեթոնը, համախմբելով նախորդ շաբթու ընթացքին եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած հանգանակութիւններու  գումարները: Հանգանակութեան դնդհանուր գումարը կազմեց 1.350.000 եւրօ, 6% ցուցանիշով գերազանցնելով նախորդ տարի հանգանակուած գումարը:

Իւրաքանչիւր երկրի մասնակցութիւնը հետեւեալ գումարները կազմեց.-

Ֆրանսա 1.170.000 եւրօ
Գերմանիա 80.000 եւրօ
Հոլլանտա 45.000 եւրօ
Յունաստան 35.000 եւրօ
Զուիցերիա 20.000 եւրօ:

Ֆրանսայի մէջ 700 կամաւորներէ բաղկացած խումբը աւելի քան 50.000 ընտանիքներու հեռաձայնեց, խնդրելով որ մասնակցին հանգանակութեան եւ ստանալով անոնց նուիրատուութիւնները: Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Պետրոս Թերզեան, դիտել տուաւ որ 12րդ տարին ըլլալով Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուեցաւ համահայկական այս հանգանակութիւնը, որ հակառակ Եւրոպայի մէջ տիրող աննախադէպ տնտեսական ճգնաժամին, յաջողեցաւ նախորդ տարուայ գումարը գերազանցել:
Չորս օր 12 ժամ շարունակ տարբեր տարիքի  հայ եւ օտար կամաւորներ հեռաձայնի ճամբով դիմեցին Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայ ընտանիքներուն:
Դրամահաւաքի նմանօրինակ արշաւներ կ'իրականացուին նաեւ  Աւստրալիոյ եւ Գանատայի տարածքին, Արժանթինի, Լիբանանի եւ Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ:
Գոհաբանութեան տօնին առիթով՝ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24ին, տարեկան աւանդութեան վերածուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հանգանակութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի Ամերիկայի տարածքին կազմակերպուելիք հեռուստամարաթոնով: Մարաթոնի ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ գեղարուեստական զանազան ելոյթներ՝ հաճելի ժամանց պարգեւելով մօտաւորապէս 20 երկիրներէ յայտագրին հետեւողներուն:
Յայտագրին ընթացքին նուիրատուութիւնները քաջալերելու աշխատանքին պիտի մասնակցին Հայաստանէն եւ Ամերիկայէն ծանօթ դերասաններ ու երգիչներ:
Ինչպէս ծանօթ է այս տարուան հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի բնակչութեան ըմպելի ջուր, իսկ դաշտերուն՝ որոգման ջուր հասցնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմանային գիւղերը վերաբնակեցնելու եւ զարգացնելու նպատակներուն: