-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-

Պէյրութի մէջ Մ.Ա.Կ.ի տեղեկատուական կեդրոնին հովանաւորութեամբ, «Էքթ» միութիւնն ու «Սմարթ սենթըր» կեդրոնը կազմակերպեցին «Հանրային ծառայութիւնը լուսանկարի մէջ» խորագիրը կրող լուսանկարչական մրցում մը` Մ.Ա.Կ.ի հիմնադրութեան 70ամեակին առիթով: Այս մրցանքին մասնակիցներէն Արազ Պուչաք ճեան արժանացաւ լուսանկարչութեան մրցանակին` ընտրելով «Մ.Ա.Կ.ը կը ծառայէ հանրութեան» նիւթը: Ա. Պուչաքճեան ծանօթ է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, որոնք կը գործեն Մ.Ա.Կ.ի ներքեւ: Ան կ՛ապրի Պեքաայի մէջ սուրիացի գաղթականներուն յատուկ վրանաքաղաքին մօտ: Ա. Պուչաքճեան ուղղուած էր դէպի այդ գաղթակայանը եւ լուսանկարած սուրիացի գաղթական մանուկները: Մրցանակին շահաւոր լուսանկարը եղաւ այն, որ առնուած է, երբ երեկոյեան գաղթական երեխաներուն թէյ խմելու ընթացքին ելեկտրական հոսանքը կ՛ընդհատուի եւ անոնք իսկոյն կը դիմեն Մ.Ա.Կ.ի կողմէ իրենց տրամադրուած լուսարձակներուն: Լուսանկարը ցոյց կու տայ երեխաներուն լուրջ դէմքերը, որոնք մութին մէջ շատ տպաւորիչ յայտնուած են»,- նշեց ան: