Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գծով պա­պա­կան նո­ւի­րակ Կար­տի­­նալ Լէո­նար­տօ Սանտ­րօ, որ Հա­յաս­տան կը գտնո­ւէր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Գիւմ­րիի մէջ կա­տա­րո­ւած հայ կա­թո­ղի­կէ «Սր­բոց Նա­հա­տա­կաց»ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման, յայ­տա­­րա­րած է, թէ հա­ւա­նա­կան է, որ Ֆ­րանչիս­կոս Պա­պը 2016ին Հա­յաս­տան այ­ցե­լէ: 
Ն­շենք, որ Գիւմ­րիի կա­թո­ղի­կէ ա­թո­ռա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դի­սա­ւոր օ­ծու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Սեպ­տեմ­բեր 24ին, ներ­կա­յու­թեամբ նաեւ նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­թո­ղի­կէ­նե­րու թի­ւը կը գնա­հա­տո­ւի շուրջ 20.000: Ա­նոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը բնա­կի Շի­րա­կի մար­զին մէջ, ո­րու կեդ­րոնն է Գիւմ­րի քա­ղա­քը: