alt«­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը մեր Դա­տին, մեր ի­րա­ւունք­նե­րուն, մեր գո­յու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է»,- «Ա­րե­ւելք»ին յայտ­նեց Բե­րիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդ Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան, որ նաեւ նկա­տել տո­ւաւ, թէ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին զար­գա­ցում­նե­րը տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կ­’ըն­թա­նան, եւ այդ ա­ռու­մով պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը կո­չո­ւած են ա­մէն գնով ի­րենց աշ­խա­տան­քի ծի­րին մէջ գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թիւն դարձ­նե­լու հա­մայն­քի ա­պա­հո­վու­թեան խնդի­րը: Սր­բա­զա­նը՝ խօ­սե­լով Սու­րիոյ մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւող պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին՝ ը­սաւ.- «­Ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եր­բեմն կը զար­գա­նան, աճ կ­՛ար­ձա­նագ­րեն, կը դառ­նան տե­ղա­տո­ւու­թիւն եւ մա­կըն­թա­ցու­թիւն, եւ այս ա­ռու­մով կա­րե­լի չէ խօ­սիլ յաղ­թա­նակ­նե­րու եւ պար­տու­թիւն­նե­րու մա­սին, կա­րե­լի չէ խօ­սիլ գա­լիք ժա­մա­նակ­նե­րուն տե­ղի ու­նե­նա­լիք փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կամ գոր­ծըն­թաց­նե­րու մա­սին, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ պար­զա­պէս միայն Հա­լէ­պը նկա­տի ու­նե­նանք եւ ա­նոր ա­ղեր­սո­ւող՝ Մ.Ա.Կ.ին կող­մէ ու­ղար­կո­ւած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ե­րեք յա­ջոր­դա­կան ան­ձե­րու փո­փո­խու­թիւ­նը, ա­պա այս մէ­կը ցու­ցա­նիշ է բար­դու­թեան այն կա­ցու­թեան, ո­րուն մէջ կ­՛ապ­րի Սու­րիան այս տագ­նա­պա­լի եւ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին»:

Սր­բա­զան հայ­րը նշեց, որ սու­րիա­հա­յու­թեան խնդի­րին վե­րա­բե­րեալ հա­մա­հայ­կա­կան ըն­դա­նուր ծրա­գիր մը չկայ, բայց ե­ղած են տար­բեր պատ­կե­րա­ցում­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ ու­նին մէկ խորք, որն է՝ պահ­պա­նել սու­րիա­հա­յու­թեան եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ա­պա­հո­վու­թիւ­նը:

Սր­բա­զա­նը նշեց, որ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը այս տագ­նա­պին մէջ ա­մէն ի­մաս­տով վնաս­ներ կրեց եւ կը շա­րու­նա­կէ կրել։ Իր կար­ծի­քով՝ Հա­լէ­պը, որ­պէս քա­ղաք, Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. Պա­տե­րազ­մէն ի վեր ա­մէ­նէն ա­ւե­լի ա­ւե­րո­ւած քա­ղաքն է այ­սօր: Սր­բա­զան Հայ­րը ա­պա՝ խօ­սե­լով Հա­լէ­պը դա­տար­կե­լու վե­րա­բե­րեալ հնչած կո­չե­րուն մա­սին՝ դի­տել տո­ւաւ, որ այդ­պի­սի ծրա­գիր մը գո­յու­թիւն չու­նի, բայց եւ այն­պէս Հա­լէ­պի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն հա­մար հա­մայն­քին ա­պա­հո­վու­թեան հիմ­նախն­դի­րը մշտա­կան քննարկ­ման ա­ռար­կայ է, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րուն եւ թէ Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բարձ­րա­գոյն մար­մին­նե­րուն հետ հա­մա­տեղ: Այս ա­ռու­մով, սրբա­զա­նը շեշ­տեց, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ հա­յու­թեան գո­յու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է ոչ միայն սփիւռ­քին եւ Հայ Դա­տին հա­մար, այ­լեւ նոյն­պէ՛ս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար՝ նշե­լով.- «­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը հա­յու­թե­նէ պար­պե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հա­յոց ար­դար Դա­տին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, հա­տուց­ման, ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման պայ­ման­նե­րուն եւ Հա­յաս­տա­նի ան­կախ ու ա­զատ հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար շատ լուրջ խնդիր կրնայ ըլ­լալ» եզ­րա­կա­ցուց Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան: