Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին ունեցած պետական տեսակցութիւններուն ծիրին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի նախագահ Քլոտ Հեշի հետ: Վեհափառ Հայրապետին կ՛ընկերանային Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահ Կոտֆրիտ Լո
խըր, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Արմենոֆասի նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն ու ժողովուրդին՝ 100 տարի շարունակ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ապա, անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան եւ ընդգծեց սուրիական տագնապին արագ լուծման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդհանուր պատկերացում մը փոխանցեց Լիբանանի քաղաքական կացութեան մասին: Իսկ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան խօսեցաւ Արմենոֆաս հիմնարկին մասին` յիշեցնելով, որ Արմենոֆասը շարունակութիւնն ու փաստն է 100 տարիներու հայ-զուիցերիական գործակցութեան:
Ապա՝ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան` Հայ Դատի գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը կը սպասէ, որ Ծերակոյտը եւս պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ծերակոյտի նախագահը իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ այս այցելութիւնը նկատեց շինիչ: Արծարծուած հարցերուն առանձնաբար անդրադառնալով՝ ան ըսաւ, որ Զուիցերիան մտահոգ է Միջին Արեւելքի կացութեամբ, եւ իրենք Սուրիոյ հարցին լուծման գծով կրնան դիմել որոշ նախաձեռնութեան` խորհրդակցելով շրջանի ուժերուն հետ: Ծերակոյտի նախագահ Հեշ նկատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր է: Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, ան յստակօրէն յայտնեց, թէ սկզբունքային գետնի վրայ համաձայն են հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին գծով եւ Զուիցերիոյ կեցուածքը նոյնն է, սակայն որոշ զգայնութիւններ կան Զուիցերիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց առնչուած: Ծերակոյտի նախագահը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքէն Եւրոպա հասնող գաղթականներուն գծով:
Հանդիպումի աւարտին` տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, որմէ ետք Ծերակոյտի նախագահն ու Վեհափառ Հայրապետը ունեցան մտերմիկ զրոյց:
24 Սեպտեմբեր 2015ի առաւօտեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելութիւն տուաւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին հարցերու պետական նախարար Իվ Ռոսիէի հետ:
Վեհափառ Հայրապետը նախարարին յայտնեց, որ Զուիցերիա կը գտնուի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին հրաւէրով, միասնաբար յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելու Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին՝ իրենց զօրակցութեան համար, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին:
Հանդիպումի ընթացքին կարեւորութեամբ արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ մասնաւորապէս Լիբանանն ու Սուրիան յուզող հարցեր: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձան հայ-թրքական յարաբերութեանց ներկայ հանգրուանը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը միջազգային համայնքին եւ Թուրքիոյ կողմէ:
Հանդիպումի աւարտին նախարարը առաջարկեց վերստին հանդիպիլ` վերոյիշեալ հարցերը աւելի լայն ձեւով քննարկելու համար: