Թորոս Ռոսլինի հեղինակած ութ պատկերազարդ էջեր պահպանութեան կը յանձնուին Լոս Անճելըսի Գեթթի թանգարանին մէջ:
Ութ թերթերուն պատկերուած խորանները կը կազմեն Զէյթունի Աւետարանին մէկ մասը:
Համաձայն թուագրութեան` անոնք 13րդ դարու հայ անուանի գրիչ Թորոս Ռոսլինի առաջին աշխատանքներէն են:
Քանի մը տարի անընդմէջ հայ եկեղեցին կը բարձրաձայնէր նշուած աշխատանքներու իրաւայաջորդութեան հարցը: Սակայն Գեթթի թանգարանը կը հրաժարէր տրամադրելէ զանոնք, քանի որ թանգարանը 1994ին օրինական կերպով գնած էր զանոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած քաղաքացիէ մը, որ իր հետ փրկած էր նշուած ութ էջերը:
Տարիներ տեւած վէճը հանգուցալուծուեցաւ՝ թանգարանին կողմէ ընդունելէ ետք թուղթերուն պատկանելիութիւնը Հայոց Եկեղեցիին: Հայոց Եկեղեցին ալ իր հերթին համաձայնութիւն տուաւ պահպանելու զանոնք Գեթթի թանգարանին մէջ: