Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) նահանգի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հայ կաթոլիկ եկեղեցին, սոյն տարածքին մէջ յայտարարուած պարէտային ժամուան ընթացքին, դարձած է թուրք ոստիկաններու յարձակման թիրախ: «Տիճլէ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ` Հասըրլը թաղամասին մէջ գտնուող հազա րամեայ եկեղեցին մեծապէս տուժած է: Ոստիկանները, սակայն, չեն բաւարարուած միայն եկեղեցւոյ վրայ յարձակմամբ, անոնք գողցած են հոն գտնուող որոշ պատմական իրեր, կը գրէ «Արցախփրես»: Միջագետքի հայերու միութեան նախագահ Արաթ Քարակէօզեան յայտնած է գործակալութեան, որ հայերը կը պատրաստուին դատական գործ յարուցելու փաստի առնչութեամբ: Ան նշած է, թէ եկեղեցին կրած է մօտ 300 հազար թրքական լիրա գումարի չափով վնաս:
«Ոստիկանութիւնը եկեղեցի մտած է` կոտրելով պատմական դռները: Ակնյայտ է, որ մեծ յարձակում գործուած է եկեղեցւոյ վրայ: Գողցուած են յախճապակիին վրայ եղած մեր 6 պատմական նկարները, ինչպէս նաեւ` պահեստին մէջ գտնուող փորագրուած պատմական քարերը»,- յայտնած է Քարակէօզեան: