­2014 թո­ւա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րէն, Չի­նաս­տա­նի Կր­թու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ, Փե­քի­նի Օ­տար Լե­զու­նե­րու Հա­մալ­սա­րա­նին (Փ.Օ.Լ.Հ.) մէջ նոյն հա­մալ­սա­րա­նի աս­պի­րանտ, Չի­նաս­տա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քի Գոր­ծա­դիր Մարմ­նի ան­դամ, Չի­նաս­տա­նի հայ­կա­կան ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դի ան­դամ Մե­րի Կ­նեա­զեան կը դա­սա­ւան­դէ հա­յե­րէն լե­զու: Հա­յե­րէ­նի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է, բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­ներ ցան­կու­թիւն յայտ­նած են ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ինչ­պէս նշած է հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Մե­րի Կ­նեա­զեան, Փ.Օ.Լ.Հ. Չի­նաս­տա­նի լե­զո­ւա­բա­նա­կան լա­ւա­գոյն հա­մալ­սա­րան­նե­րէն է, եւ հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մը կա­րե­ւոր է հոն: Հա­յե­րէն կ’ու­սա­նին հա­մալ­սա­րա­նի 2րդ­ եւ 3րդ դա­սա­րա­նի 11 ու­սա­նող­ներ` որ­պէս եր­րորդ օ­տար լե­զու: «­Լե­զուն ընտ­րո­ղա­կան է,- կ’ը­սէ ան,- եւ ո­գե­ւո­րիչ է այն փաս­տը, որ ու­սա­նող­նե­րը զայն ընտ­րած են ըստ ցան­կու­թեան: Ի զար­մանս ին­ծի, լե­զուն այն­քան ալ դժո­ւար չի գար չի­նա­ցի­նե­րուն: Ա­նոնք հա­յե­րէ­նի բարդ հնչիւն­նե­րը, ինչ­պէս օ­րի­նակ` ձ, ծ, ց, կ’ար­տա­սա­նեն զար­մա­նա­լիօ­րէն սա­հուն: Լե­զո­ւի հետ միա­սին կ’ան­ցը­նեն նաեւ մշա­կու­թա­յին դա­սեր, ինչ որ ա­ւե­լի կը մեծց­նէ լե­զո­ւի հա­դէպ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը: Կը դի­տենք Հա­յաս­տա­նի մա­սին ժա­պա­ւէն­ներ, կը լսենք` հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն»: Հայ­կա­կան հա­մայն­քի նա­խա­գահ Հեն­րի Արս­լա­նեան ընդգ­ծած է, որ հպար­տու­թեամբ կը լե­ցուի, երբ կը տես­նէ ե­րի­տա­սարդ չի­նա­ցի­ներ, ո­րոնք մեծ հա­ճոյ­քով կը սոր­վին հա­յե­րէն եւ կ’ու­սում­նա­սի­րեն հա­յոց պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը: