Ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու իշ­խա­նու­թեանց կոչ կ­՛ուղ­ղեն պաշտ­պա­նե­լու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րը:
Այս մա­սին «­Տը Կ­լո­պըլ Քա­թը­լիք Չե­նըլ»ին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ յայ­տա­րա­րած է Հ.Յ.Դ. Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ Համ­բա­րեան: Այդ պատ­ճա­ռով անհրա­ժեշտ է ՏԱՀԵ­Շի դէմ տա­րո­ւող պայ­քա­րի զինո­ւո­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը խստաց­նել եւ բո­ղո­քել Թուր­քիոյ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն դէմ, որ ՏԱՀԵ­Շի դէմ պայ­քա­րի քո­ղին տակ յար­ձա­կում­ներ կը գոր­ծէ քիւր­տե­րուն եւ այլ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն վրայ: Այդ շրջա­գի­ծին մէջ ան նշած է քոնկ­րե­սա­կան­ներ Ան­նա Է­շո­ւի եւ Չեֆ Ֆոր­թեն­պե­րիի ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­նա­ձե­ւին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Բա­նա­ձե­ւը կոչ կ­՛ուղ­ղէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ՏԱՀԵ­Շի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած քրիս­տո­նեա­նե­րու հա­լա­ծանք­նե­րը ո­րա­կե­լու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: «­Հա­յե­րը նոյն­պէս յար­ձա­կու­մի թի­րախ դար­ձած են»,- նշած է Համ­բա­րեան:
Ա­նոր կար­ծի­քով՝ հիմ­նա­կան խնդի­րը այն է, որ շա­տե­րը հար­ցին մօ­տե­ցած են քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­կար­դա­կով, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը բա­րո­յա­կա­նու­թեան հարց է: «­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ա­ռանց քրիս­տո­նեա­նե­րու ա­ւե­լի քիչ բազ­մա­շերտ եւ վեր­ջին հա­շո­ւով ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր վայր պի­տի դառ­նայ»,- ընդգ­ծած է Համ­բա­րեան: