ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին տեղեկութիւններով, Նոյեմբեր 17-20, Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութեան (ECOSY) նախաձեռնութեամբ, Գերմանիոյ Վերտֆուլ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Ընկերվարական մօտեցումները տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներուն» խորագիրով սեմինարը, զոր կը հիւրընկալէ «Քուրթ Լովենշտայն» կրթական կեդրոնը:

Սեմինարին, որուն հրաւիրուած են մասնակիցներ Եւրոմիութեան պետութիւններէն, Պալքանեան պետութիւններէն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայէն, Պելոռուսէն, Ատըրպէյճանէն եւ Վրաստանէն, կը մասնակցի նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդականը՝ յանձինս ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան ատենապետ Մխիթար Մարգարեանի:
Նշենք, որ 1992 Նոյեմբերին, Լահէյի մէջ հիմնադրուած Եւրոպայի երիտասարդ    ընկերվարականներու կազմակերպութիւնը կը համախմբէ Եւրոմիութեան, Կեդրոնական, Հարաւային եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու  ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդականները: