«Բանաձեւի նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն անուանելու: Ցեղասպանութիւն, որովհետեւ քրիստոնէական հնադարեան համայնքները իսկապէս կ՛ոչնչացուին. այնտեղ կան մեծ թիւով այլ հաւատացեալներ՝ կրօնական տարբեր շերտերէ, որոնք եւս կը տուժեն միւսներուն հետ»,- նշած է Էշու՝ ընդգծելով, որ ժամանակն է իրերը իրենց անուններով կոչելու:
Քոնկրեսին ներկայացուած Է Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու հալածանքը ցեղասպանութիւն նկատող բանաձեւը
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Ճեֆ Ֆորթենպերի եւ չորս այլ քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու Տան ներկայացուցած են բանաձեւ մը՝ պահանջելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններուն դէմ «Իսլամական Պետութեան» կողմէ գործուող արարքները ցեղասպանութիւն կոչել: