Բացման իր ելոյթին մէջ յանդուգն քաղաքապետ Օ. Պայտեմիր շեշտած է, թէ Տիգրանակերտը կը պատկանի նոյնքան հայերուն եւ ասորիներուն, որքան քիւրտերուն

Նոյեմբեր 11-13, Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած է վերոնշեալ խորագրով գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկի եւ քաղաքապետարանի գործակցութեամբ:
Հրաւիրեալ մասնագէտները ուսումնասիրած են 1838-1938 ժամանակահատուածին՝ այդ շրջանին մէջ ապրած քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ճակատագիրը:
Գիտաժողովի բացման խօսքին մէջ, քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր անգամ մը եւս յանդուգն եւ բովանդակալից ճառ մը խօսած է: Ան յիշեցուցած է, թէ մինչ Տիգրանակերտ տնտեսական իր աշխուժութեամբ Օսմանեան կայսրութեան 3րդ կարեւորագոյն քաղաքն էր Ի. դարու սկզբնաւորութեան, այսօր ինքզինք գտած է 66րդ դիրքի վրայ:
Ըստ թրքական «Սթար» թերթին, ան աւելցուցած է թէ «Քրիստոնէութիւնը ոչնչացնելու քաղաքականութեան մէջ ամենամեծ ցաւը կրած հայերուն կողքին, կորուստներ ունեցած են նաեւ ասորիները, քլտանները, հրեաներն ու Պոնտոս յոյները: Բացայայտ է, որ պաշտօնապէս՝ որպէս «գաղթ», «արտագաղթ», «կոտորած» ճանչցուած այդ իրադարձութիւններուն արդիւնքը ցեղասպանութիւն է: Մենք պէտք է ընդունինք այդ ճշմարտութիւնը: Մեզմէ իւրաքանչիւրս կը ցանկանայ հպարտանալ սեփական ընտանիքով, ընտանիքի անցեալով, մշակոյթով, ժողովուրդով եւ անոր պատմութեամբ: Սակայն, եթէ նոյնիսկ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ սեւ, զզուելի եւ ստորացուցիչ էջեր կան, ապա անոնք չմերժելը, այդ յանցանքին մեղսակից չըլլալը մեր բարոյական եւ քաղաքական պարտքն է»:
Պայտեմիր ըսած է, թէ իր քաղաքապետարանը ձեռնարկած է փոք- րամասնութիւններէ գրաւուած ստացուածքներու վերադարձի ստանձնումին: Աւելցուցած է, թէ վերադարձի անկարելիութեան պարագային, եթէ, օրինակ՝ խնդրոյ առարկայ ստացուածք մը այսօր կը պատկանի անհատի մը, տուեալ հողատարածքի հաւասար հող պիտի տրամադրուի անոր երբեմնի բուն տիրողջ, այլ վայրի մը մէջ:
Յիշեցնենք, որ Տիյարպեքիրի քաղաքապետը հալածանքի տակ է Թուրքիոյ դատական իշխանութիւննե-րուն կողմէ եւ ամբաստանութեան հարց կը դիմագրաւէ:
Խորհրդաժողովի բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած են նաեւ Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինք, հայերէ ներողութիւն խնդրելու արշաւի նախաձեռնող եւ այդ նիւթով գիրքի հեղինակ՝ փրոֆ. Ճէնկիզ Աքթար, գրող եւ քաղաքական լրագրող Ալի Պայրամօղլու, լրագրող Պասքըն Օրան:
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Թուրքիայէն, Եւրոպայէն եւ ԱՄՆէն Ցեղասպանութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան մասնագէտ պատմաբաններ: