Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Սեպտեմբեր 10 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբեր 8ին արտաքին գործոց նախարարի գիտական եւ արհեստագիտական հարցերու խորհրդական նշանակուած է դոկտ. Վան Թիւրէքեան։
Նշենք, որ Թիւրէքեան թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու եւ զաւակը՝ յայտնի գիտնական դոկտ. Քարլ Թիւրէքեանի, որ մահացաւ 2013ին։
Դոկտ. Վան Թիւրէքեան նախապէս Գիտութեան Յառաջացման Ամերիկեան Միութեան (AAAS) միջազգային հարցերու գլխաւոր պատասխանատուն էր, ինչպէս նաեւ՝ նոյն միութեան Գիտական Դիւանագիտութեան Կեդրոնի վարիչը։ Այդ հանգամանքներով՝ ան նպաստած է երկիրներու միջեւ կամուրջներ հաստատելու ջանքերուն՝ ի մի բերելով անոնց գիտական ծրագիրները։
Ան անցեալին եւս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատած է իբրեւ համաշխարհային հարցերով փոխ-նախարարի օգնական եւ խորհրդատու։
Դոկտ. Վան Թիւրէքեան իր 14 տարիներու փորձառութեամբ խորհուրդներ պիտի տայ արտաքին գործոց նախարարին եւ տնտեսական աճի, ուժանիւթի ու կենսոլորտի հարցերով արտաքին գործոց փոխ-նախարարին, յատկապէս՝ երկրի արտաքին քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցող կենսոլորտի, գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ առողջապահական հարցերու կապակցութեամբ։