Թուր­քիոյ մէջ 20րդ ­դա­րուն տե­ղի ու­նե­ցած քրտա­կան ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րէն կը տար­բե­րի 1930ի Ա­րա­րա­տի ­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։ Այս ըմ­բոս­տու­թիւ­նը իր բնոյ­թին մէջ տար­բեր էր 1921ի ­Քոչ­կի­րիի եւ 1925ի ­Շէյխ ­Սա­յի­տի ապըս­տամ­բու­թիւն­նե­րէն։ ­Տար­բեր էր, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով քրտա­կան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ իբ­րեւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն տեղ կը գտնէր ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րը եւ ինք­նա­վար ու ա­զատ պե­տու­թիւն կեր­տե­լու ձգտու­մը։

Ա­րա­րա­տի 1926-1930ի ապս­տամ­բու­թիւ­նը քիւրտ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի այն կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւանն էր, երբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­մա­տա­կան յե­ղա­բե­կում ա­նոր ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան մէջ։ ­Հա­մաքր­տա­կան ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեան՝ ­Հոյ­բու­նի ձե­ւա­ւո­րու­մը քիւրտ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րին նե­րար­կեց քա­ղա­քա­կան յստակ նպա­տակ­ներ ու գա­ղա­փա­րա­կան նոր ու­ղե­ցոյց­ներ։ 

Այս ապս­տամ­բու­թեան երկ­րորդ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը կը կայա­նայ այն ի­րո­ղու­թեան մէջ, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու հայ-քրտա­կան պայ­քա­րի հա­մա­տեղ շար­ժում մը յա­ռաջ կու գար, ուր նախ­կին բո­լոր տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը մէկ կողմ կը դրո­ւէին եւ եր­կու կող­մե­րը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցէին յա­նուն եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման։ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ­Հոյ­բու­նի մի­ջեւ կնքո­ւած պատ­մա­կան դա­շին­քով՝ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կ­՚որ­դեգ­րէին ­Սեւ­րի դաշ­նագ­րի կող­մէ վա­ւե­րա­ցո­ւած դրոյթ­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու քա­ղա­քա­կան սկզբուն­քը։ Այ­սինքն՝ եր­կու կող­մե­րուն հա­մար ալ յստակ էր, թէ ապս­տամ­բու­թեան բա­րե­յա­ջող ա­ւար­տի պա­րա­գա­յին, ինչ տա­րածք­նե­րու մէջ պի­տի ընդգր­կո­ւէին ու սահ­մա­նագ­ծո­ւէին զոյգ պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րածք­նե­րը։

­Պատ­մա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան հե­ղի­նա­կը՝ Ա­րամ ­Սա­յիեա­նը ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սաս­տա­նի ար­խիւ­նե­րուն մէջ յայտ­նա­բե­րած է նոր ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով լոյս աշ­խարհ կու գան ու տրա­մադ­րե­լի կը դառ­նան հա­սա­րա­կու­թեան։

Այդ փաս­տա­թուղ­թե­րէն ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր­նե­րէն է անց­նող տա­րի­նե­րուն ­Փա­րի­զէն ­Հա­յաս­տան փո­խադ­րո­ւած Հ.Յ.Դ. գոր­ծիչ ­Ռու­բէ­նի (­Ռու­բէն ­Տէր-Մի­նա­սեան) անձ­նա­կան ար­խի­ւը, որ այժմ կը պա­հո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի թիւ 1048 պա­հա­դա­րա­նին մէջ։ ­Վե­րոն­շեալ ար­խի­ւի ա­ռա­ջին ցու­ցա­կի 64րդ ­հա­տո­ւա­ծը («Քր­տա­կան գոր­ծը ­Պարս­կաս­տա­նի մէջ») 34 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած տետ­րակ մըն է, որ գրո­ւած է ­Թեհ­րա­նի մէջ, ուր գոր­ծու­ղո­ւած էր ­Ռու­բէն 1929ին ­Փա­րի­զի մէջ կա­յա­ցած Հ.Յ.Դ. 11րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վէն բխած ո­րո­շում­նե­րը գոր­ծադր­ման դնե­լու հա­մար։ ­Պատ­մա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող այս փաս­տա­թուղ­թի յայտ­նա­բե­րու­մով լոյս աշ­խարհ ե­կան շատ մը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ու պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մա­սին յստակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք ցարդ կը մնա­յին ան­յայտ։

­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի թիւ 1048 պա­հա­դա­րա­նին մէջ կը պա­հո­ւի նաեւ 10 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած՝ ­Ռու­բէ­նի 1944 թո­ւա­կա­նի Մարտ 8ի նա­մա­կը Ե­գիպ­տո­սի մօտ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Նի­քո­լա ­Նո­վի­կո­վին, ո­րուն մէջ հե­տաքրք­րա­կան փաս­տեր կը բե­րո­ւին խորհր­դա­յին գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­նե­րուն կող­մէ Ա­րա­րա­տի ապս­տամ­բու­թեան ղե­կա­վար­նե­րէն ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ար­տա­շէս ­Մու­րա­դեա­նի Ա­րաքս գե­տի ափ հրա­ւիրուե­լու ու դա­ւադ­րա­բար ձեր­բա­կա­լո­ւե­լու պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ։

Օգ­տա­գոր­ծո­ւած են նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի «Հ­րայր ­Մա­րու­խեան» գրա­դա­րա­նին մէջ պա­հո­ւող Հ.Յ.Դ. գոր­ծիչ Անտ­րէ Ա­մու­րեա­նի (­Տէր-Օ­հա­նեան) «­Կեան­քի է­ջեր» ան­տիպ ձե­ռա­գիր յու­շագ­րու­թե­նէն ար­ժէ­քա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք կ’առն­չո­ւին քրտա­կան շարժ­ման ա­ջակ­ցե­լու նպա­տա­կով Ի­րա­նի մէջ Հ.Յ.Դ. գոր­ծու­նէու­թեան։

Օգ­տա­գոր­ծո­ւած են նաեւ ­Ռու­սաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րէն նիւ­թեր, ինչ­պէս նաեւ ապս­տամ­բու­թեան մ­աս­նա­կից հայ եւ քիւրտ ղե­կա­վար­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ։ Ն­շենք, որ ու­սում­նա­սի­րու­թեան հե­ղի­նակ Ա­րամ ­Սա­յիեան այս նիւ­թը ներ­կա­յա­ցու­ցած է որպէս պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծո­ւի գի­տա­կան աս­տի­ճա­նի հայց­ման ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն։ Ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­տա­րա­կո­ւած է «­Վէմ» պատ­մա­գի­տա­կան հան­դէ­սի 2014 թո­ւա­կա­նի ­Նո­յեմ­բե­րի թի­ւին մէջ: