ArmenianGenocide100.org կայքը հարցազըրոյց մը կատարած է իսրայէլացի պատմաբան, ակադեմական եւ Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան մասնագէտ Եաիր Օրոնի հետ, որ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան 12րդ գիտաժողովին։
Խօսելով Թուրքիոյ եւ թուրք ակադեմականներու ժխտողականութեան եւ ուրացման մասին` Օրոն կը յայտնէ, որ ներկայիս թրքական հասարակութեան մէջ փոփոխութիւն կը նկատուի. հետզհետէ յաւելեալ մարդիկ պատրաստակամ են քննարկումներ կատարելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը քաջալերեն, երբ շուրջ 5 տարի առաջ անոնք կրնային բանտարկուիլ։
«Անոնք երբեք չեն կրնար ժողովրդավարական հասարակութիւն մը ըլլալ, եթէ պատմութեան հետ չառերեսուին»,- կը նշէ ան։
Պատասխանելով Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան մասին հարցումի մը՝ Օրոն ըսաւ.- «Եթէ այս հարցումը ինծի մէկ ամիս առաջ հարցնէիք, պատասխանս ժխտական պիտի ըլլար։
«Իսկ հիմա չեմ կարծեր, որ կառավարութիւնը պիտի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, սակայն կը կարծեմ Քնեսեթը, խորհրդարանը պիտի ճանչնայ»։