Հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր ա­ւե­տա­րա­ն մը, որ գող­ցո­ւած էր Թուր­քիոյ կող­մէ հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի բռնագ­րա­ւու­մէն ետք, այժմ Կիպ­րոս վե­րա­դար­ձո­ւած է:
Ըստ «­Ֆա­մա­կուս­թա» թեր­թին՝ ընդ­հա­նուր առ­մամբ 173 մա­սունք վե­րա­դար­ձո­ւած է Կիպ­րոս:
Ա­նոնք վե­րա­դար­ձո­ւած են, երբ Գեր­մա­նիոյ վե­րաքն­նիչ դա­տա­րա­նը վերջ­նա­կան ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է Թուր­քիոյ կող­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած Կիպ­րո­սի շրջան­նե­րէն թուրք մաք­սա­նենգ­նե­րու գող­ցած գան­ձե­րուն մա­սին:
Գան­ձե­րը, ո­րոնց մէջ կա­յին ե­կե­ղե­ցի­նե­րու որ­ման­կար­նե­րու կտոր­ներ, սրբա­պատ­կեր­ներ, հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր Ա­ւե­տա­րա­նը եւ նա­խա­պատ­մա­կան հնու­թիւն­ներ, յայտ­նա­բե­րո­ւած էին 1997ին, Միւ­նիխ ապ­րող թուրք մաք­սա­նեն­գի մը բնա­կա­րա­նին մէջ: