Բ­րի­տա­նա­կան ­Թան­գա­րա­նի «Հ­նա­գոյն ­Թուր­քիա» սրա­հը վե­րանուանուած է «Ա­նա­տո­լիա եւ Ու­րար­տու»: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ վե­րա­նո­ւան­ման նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ ­Զե­փիւռ ­Պա­տի­կեան:
«Ան­շուշտ կը ցան­կա­յի, որ սրա­հը կո­չէին ­Հա­յաս­տան կամ ­Հայ­կա­կան ­Լեռ­նաշ­խարհ, բայց այս մէ­կը ա­ռա­ջին քայլն էր դէ­պի ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նում», «­Դի­մա­գիր­քի»ի իր է­ջին վրայ գրած է ­Պա­տի­կեան:
Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է ­Կա­րի­նէ ­Ղա­զի­նեա­նին` ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ մէջ ­Հա­յաս­տա­նի նախ­կին դես­պա­նին, որ ա­ջակ­ցած է նա­խա­ձեռ­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ` Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րին, հայ եւ բրի­տա­նա­ցի պատ­մա­բան­նե­րու, ո­րոնք ներդ­րում ու­նե­ցած են այս աշ­խա­տան­քին մէջ:
Ս­րա­հի վե­րա­նո­ւան­ման պա­հան­ջով ստո­րագ­րա­հա­ւա­քին մաս­նակ­ցած է 12 հա­զար հո­գի:
Աշ­խար­հահռ­չակ թան­գա­րա­նին կող­մէ հայ­կա­կան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու­րար­տա­կան շրջա­նի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին մեծ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ցու­ցան­մոյշ­նե­րը «Հ­նա­գոյն ­Թուր­քիա» ա­նու­նին տակ ցու­ցադ­րո­ւած էին: ­Թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան հետ քա­նի մը տա­րի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ըն­թա­ցան: