Միաբաններու Սիս կատարած այցելութեան տեսանիւթը հրապարակուեցաւ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ՝ 22 Օգոստոս 2015ին այցելած էր Սիսի կաթողիկոսարան, ուր կատարուած էր հոգեհանգիստ` 1293ին Հայոց Կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած Հայրապետներու հոգիներուն համար: Ապա, նոյն վայրին մէջ կարդացուած էր Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը, որը այսօրուան թիւով կը հրատարակենք: 100 տարի ետք, Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ կը հնչէր հայրապետական պատգամ` ուղղուած մեր ժողովուրդին: Տեսանիւթը դիտել` այցելելով www.youtube.com/watch?v=mcT4iDGJ6KE: