Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը 4 Յուլիսին հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր գանձապետ-ելեւմուտքի նախարար Ճէյքըպ Լիուի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է գանձապետարանի դերը Հայաստան-Մ.Նահանգներ տնտեսական յարաբերութիւններու հե տագայ զարգացման մէջ:
Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն կը յայտնեն, որ հայկական պատուիրակութեան անդամները ներկայացուցած են իրենց կողմէ առանձնացուած առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին` Հայաստան-Մ.Նահանգներ հարկային համաձայնագիրի փոխ-շահաւէտութեան հարցը: Յանձնախումբի անդամները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են Ճէյքըպ Լիուի՝ 24 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութիւն ուղեւորուած Ա.Մ.Ն. նախագահական պատուիրակութիւնը ղեկավարելու համար:
Հանդիպումին նախարարութենէն ներկայ եղած են նաեւ գանձապետարանի աշխատակազմի ղեկավար Քրիս Ուայտեման, Քափիթըլ Շուկայի հարցերով քարտուղարի տեղակալ Մոնիք Ռոլինս եւ մամլոյ բանբեր Ութնի Սմիթ, որոնք նոյնպէս եղած են Երեւան այցելած պատուիրակութեան կազմին մէջ: