Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան շրջանի համագործակցութեան հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ 31 Յուլիսէն 1-2 Օգոստոս 2015ին, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ:
Ժողովին կը մասնակցէին մօտ 30 պատուիրակներ: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով` Կարապետ Շատոյեան:
Ժողովի հիմնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին «Ինչպէ՞ս կրնանք հասարակութիւններուն մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել» եւ «Խաղաղութեան հաստատում եւ տագնապներու կառավարում ընկերվար-ժողովրդավարական տեսանկիւնէն»: Ժողովին կը մասնակցէր Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մարիէ Լաֆեպեր, որ ելոյթներ ունեցաւ քննարկուող երկու նիւթերուն շուրջ: Այլ զեկուցաբերներու շարքին, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ «Ինչպէ՞ս կրնանք հասարակութիւններուն մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել աւելի լաւ ապագայ կերտելու համար» նիւթին մասին՝ մասնաւորապէս նշելով, որ «յետ-խորհրդային հասարակութիւններուն մէջ ընկերվարութիւն բառն իսկ կը յառաջացնէ զգուշաւորութիւն, որովհետեւ անիկա կը նոյնացուի խորհրդային ժամանակաշրջանի համայնավարութեան հետ: Լուծման տարբերակներէն մէկը ընկերվարական միջազգային կազմակերպութիւններու աւելի ընդարձակ աշխատանքները կրնան ըլլալ նշեալ հասարակութիւններուն մէջ, ուր երիտասարդութիւնը կարելիութիւն կ՛ունենայ ծանօթանալու ընկերվարական իրական արժէքներուն եւ մօտեցումներուն»:
Պատուիրակները առիթ ունեցան այցելելու Վրաստանի խորհրդարան եւ «Վրացական Երազանք» կուսակցութեան գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցան կուսակցական եւ պետական պատասխանատուներու հետ` քննարկելով շրջանային հարցեր: Հանդիպումներու ընթացքին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ներկայացուցիչը նշեց, որ «Վրաստան տարբեր մարզերու մէջ կը գործակցի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, ինչ որ պէտք չէ ազդէ հայ-վրացական փոխ-յարաբերութիւններու եւ Վրաստանի մէջ ապրող հայութեան իրաւունքներուն վրայ»: Ի պատասխան, վրացական կողմը վստահեցուց, որ «իրենց համար կարեւոր է Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւնը եւ յատկապէս այդ յարաբերութիւններուն զարգացումը»:
Պատուիրակները այցելեցին Թիֆլիսի տեսարժան վայրեր: