Այս բարձ­րաս­տի­ճան պա­տի­ւին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հասկ­նա­լու հա­մար, ըն­թեր­ցո­ղը պէտք է գիտ­նայ, թէ ո՞վ է հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշտ Ռի­շար Վակ­նէ­րը (1813-1883) եւ ի՞նչ ար­ժէք ու­նի Պայ­րէօ­թի Փա­ռա­տօ­նի Տու­նը (Bayreuth Festspielhaus) ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հին մէջ։

Հա­կա­ռակ նո­ւա­գախըմ­բա­վա­րի մը հա­մար ան­հանգս­տա­ւէտ դիր­քին (ան­տե­սա­նե­լի՝ նո­ւա­գա­խում­բի փո­սին մէջ), աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն եւ փոր­ձա­ռու խմբա­վար­նե­րու բո­լո­րին տենչն է հրա­ւի­րո­ւիլ հոն, ի­րենց շքանը­շան­նե­րու թի­ւին ա­ւե­լի փայլ տա­լու հա­մար։

­Փա­ռա­տօ­նի բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ Յու­լիս 25ին, ի ներ­կա­յու­թիւն վար­չա­պե­տու­հի Ան­կէ­լա Մեր­քէ­լի։

Կը ներ­կա­յա­ցո­ւէր Tristan et Isolde օ­փե­րան, նոր բե­մադ­րու­թեամբ։ Ան­յա­ջող բե­մադ­րու­թիւն եւ դժգո­հու­թիւն։ Յա­ջորդ օ­րը, Կի­րա­կի՝ Յու­լիս 26ին, հա­կա­պատ­կեր նա­խօ­րեա­կին։ Ա­լէն Ալ­թը­նօղ­լուն ղե­կա­վա­րեց Lohengrinը, Վակ­նէ­րի 4 ժամ տե­ւող օ­փե­րան։ Մեծ յաղ­թա­նակ՝ ծա­փող­ջոյն­նե­րով։

Գո­հու­նա­կու­թիւն հան­դի­սա­տես­նե­րու եւ քննա­դատ­նե­րու կող­մէ։
­Ներ­կայ էի ընդ­հա­նուր փոր­ձին, զգա­ցի ե­կող յաղ­թա­նա­կը։ Lohengrin օ­փե­րան ան­կիւ­նա­դարձ մըն է Վակ­նէ­րի գոր­ծե­րուն մէջ։ Ու­նի զի­նո­ւո­րա­կան եւ քնա­րեր­գա­կան, վի­պա­կան (romantique) բնոյթ։

Երգ­չա­խում­բը ու­նի մեծ եւ կա­րե­ւոր դեր։ Ա­լէն Ալ­թը­նօղ­լու յա­ջո­ղե­ցաւ լա­ւա­գոյնս ար­տա­յայ­տել եր­կու հա­կա­սա­կան նկա­րագ­րով այս ե­րաժըշ­տու­թիւ­նը։ Հոս է իր ղե­կա­վա­րի տա­ղան­դը։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է գիտ­նայ յար­գել իր տա­ղան­դա­ւոր զա­ւակ­նե­րը եւ հե­տե­ւիլ ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան։ Նոր նուա­ճում­ներ կ­՚ակն­կա­լենք Ա­լէ­նէն։