Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րին մէջ, Հինգ­շաբ­թի՝ 30 Յու­լիս 2015ին, Ժմ­մէյ­զէի «­Փաս­թէօր» հրա­պա­րա­կին վրայ բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ե­րախ­տա­գի­տու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Մի­շել Ֆա­րաո­նի եւ ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նիի, Լի­բա­նա­նի Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նորդ Շա­հէ Եպս. Փա­նո­սեա­նի, ե­րես­փո­խան Նե­տիմ Ժե­մա­յէ­լի, քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հոծ բազ­մու­թեան մը:

Լի­բա­նա­նեւ­հայ­կա­կան բա­րե­կա­մու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ Վա­յե­լէ Էշ­րե­ֆիէն ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ Լի­բա­նա­նին առ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն նո­ւի­րո­ւած այս յու­շա­կո­թո­ղի բաց­ման հան­դի­սու­թեան ա­ռի­թով՝ խօսք ա­ռաւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Մի­շել Ֆա­րաոն, որ ընդգ­ծեց, թէ այս յու­շա­կո­թո­ղը կը հաս­տա­տէ ընտ­րանք­նե­րու սա­կա­ւու­թիւ­նը` կա՛մ տե­ղի կու տանք ա­հա­բեկ­չա­կան հո­սան­քին դի­մաց եւ կա՛մ մեր գլուխ­նե­րը բարձր պա­հե­լով կը պաշտ­պա­նենք քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը:

«Այ­սօր եր­ջա­նիկ օր է, ո­րով­հե­տեւ այս ա­ռի­թը վե­րա­ծո­ւած է այս յու­շա­կո­թո­ղով դրսե­ւո­րո­ւող քա­ղա­քակր­թա­կան, ա­րո­ւես­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, եւ հայ­կա­կան ձեռ­քը միա­ձու­լո­ւած է լի­բա­նա­նեան ձեռ­քով»,- շա­րու­նա­կեց նա­խա­րար Ֆա­րաոն` բարձր գնա­հա­տե­լով Ժմ­մէյ­զէի եւ Էշ­րե­ֆիէի ցու­ցա­բե­րած խի­զախ կե­ցո­ւած­քը ա­րուես­տի, իւ­րա­յատ­կու­թեանց եւ սկզբունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մէջ: Ան յատ­կա­պէս դրո­ւա­տեց Էշ­րե­ֆիէն, ո­րուն բնակ­չու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լեց հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­ւե­լի քան ութ­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տայ այս ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­տե­ւե­լու ի­րա­ւուն­քի ի­րա­ւա­ցիու­թեան, հաս­տա­տե­լով հայ­կա­կան ջար­դե­րուն գծով այս մեծ պայ­քա­րի ար­դա­րա­ցիու­թիւ­նը եւ յի­շեց­նե­լով, որ այս շրջա­նը 24 Ապ­րի­լին զօ­րակ­ցա­կան կե­ցուած­քով հան­դէս ե­կաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով: