Հայ աճ­պա­րար Ք­րիս­տիան Թո­րո­սեան, Յու­լիս 29ին, Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի Սան Մար­թին հրա­պա­րա­կին վրայ ցու­ցադ­րած է հնարք մը` 100 վայր­կեան կա­խո­ւած մնա­լով օ­դի մէջ, ի յի­շա­տակ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Artsakhpress.am։

«Օ­դի մէջ չմնայ» կար­գա­խօ­սի ներ­քոյ ի­րա­կա­նա­ցած հնար­քը լու­սա­բա­նած է ար­ժան­թի­նա­կան Dia a Dia պար­բե­րա­կա­նը` ընդգ­ծե­լով, որ 2013ին Ք­րիս­տիան Թո­րո­սեան պար­գե­ւատ­րո­ւած է Քոր­տո­վա­յի մէջ իր հա­սա­րա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար: Ք­րիս­տիան Թո­րո­սեան Քոր­տո­վա նա­հան­գին մէջ յայտ­նի է իր մաս­նա­գի­տա­կան աճ­պա­րա­րու­թեամբ, այդ իսկ պատ­ճա­ռով ալ վե­րոն­շեալ բա­ժի­նը ընտ­րած է իբ­րեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման ե­ղա­նակ: Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, մինչ ան կը ցու­ցադ­րէր իր հնար­քը, խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­ներ բո­լոր հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն եւ լու­սան­կա­րո­ւիլ փա­փա­քող­նե­րուն բաժ­նած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ո­գե­կոչ­ման հե­տա­գայ ձեռ­նարկ­նե­րուն մա­սին պատ­մող տե­ղե­կա­տո­ւա­կան թեր­թիկ­ներ: