Շաբաթ՝ 25 Յուլիսի առաւօտեան, Լիբանանի նորակառոյց ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային իշխանութեան եւ վարչութիւններու անդամներուն, քահանայ հայրերու, լիբանանահայ կառոյցներու եւ պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներու:
Ծառուկեան մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յայտնեց, որ «Գագիկ Ծառուկեան Բարեգործական Հիմնադրամ»ը 100.000 ամերիկեան տոլարով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այդ աշխատանքներուն:
Գագիկ Ծառուկեան նաեւ այցելեց Լ.Օ.Խ.ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ մօտէն ծանօթացաւ Լ.Օ.Խ.ի բազմաբնոյթ գործունէութեան եւ յատկապէս կեդրոնի աշխատանքներուն: Ծառուկեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Լ.Օ.Խ.ի ծաւալած գործունէութեան մասին: