Քա­լի­ֆոր­նիոյ Նա­հան­գա­յին Հա­մալ­սա­րա­նի Ֆ­րեզ­նո­յի մաս­նա­ճիւ­ղի շրջա­փա­կին մէջ, միայն ե­րեք ա­միս ա­ռաջ հաս­տա­տո­ւած եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւիրուած յու­շար­ձա­նը պղծո­ւած է:

Ֆ­րեզ­նո­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս Պերճ Աբ­գա­րեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ ան­յայտ ան­ձեր Յու­լիս 24ին քան­դած են յու­շար­ձա­նին մէկ մա­սը: Քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը յայտ­նած է, թէ դէպ­քը կը հե­տաքն­նո­ւի ներ­կա­յիս: Ան ը­սած է, որ մե­տա­ղեայ վա­հա­նա­կը վնա­սո­ւած է եւ վստա­հե­ցու­ցած, թէ Ֆ­րեզ­նո­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զայն պի­տի վե­րա­նո­րո­գեն այս շա­բաթ:

«Այս յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած է ա­տե­լու­թեան հո­ղի վրայ եւ ա­նոր նկատ­մամբ պէտք է շատ լուրջ վե­րա­բե­րիլ։ Կա­րե­լի չէ նման բան հան­դուր­ժել»,- ընդգ­ծած է Պերճ Աբ­գա­րեան:

Պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սը ա­ւել­ցու­ցած է, որ յու­շար­ձա­նը բա­ցո­ւած էր այս տա­րո­ւան Ապ­րի­լին՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին առ­թիւ: Աբ­գա­րեան քա­ղա­քի ոս­տի­կա­նու­թեան եւ ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն հետ մօ­տէն կ­՛աշ­խա­տի՝ դէպ­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար:

Ֆ­րեզ­նո­յի քա­ղա­քա­պետ Ճո­զէֆ Քասթ­րօ իր կար­գին ցաւ յայտ­նած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած այս յու­շար­ձա­նին վրայ նշեալ յար­ձա­կու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ: «­Դի­մած եմ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, որ միաս­նա­բար աշ­խա­տին պատ­մա­կան այս յու­շար­ձա­նը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար։ Տու­ֆով պատ­րաս­տո­ւած յու­շար­ձա­նը հայ ազ­գի մշա­կոյ­թին խորհրդա­նիշն է»,- ը­սած է ան:

Յու­շար­ձա­նը կա­ռու­ցո­ւած է Ե­րե­ւա­նի Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին նմա­նու­թեամբ: Ի­նը սիւ­նե­րը կը խորհր­դան­շեն Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի 6 նա­հանգ­նե­րը, Կի­լի­կիան, Ս­փիւռ­քը եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: Սիւ­նե­րու վեր­նա­մա­սը միա­ւո­րո­ւած է, ինչ որ կը խորհր­դան­շէ այն պատ­գա­մը, թէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը թէեւ խոր սպի ձգած է, սա­կայն չէ խախ­տած հայ ազ­գին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը: