Այս նամակները գրուած են 1915-1918 թուականին, տարագրութեան եւ աքսորի ճանապարհին, սուրիական անապատներու եւ Կովկասի մէջ ապաստանած հայ գաղթականներու կողմէ, ուղղուած աշխարհի տարբեր անկիւններ գտնուող իրենց հարազատներուն եւ ընկերներուն:
Հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Մայիս 21ին, Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ:
Գիրքը կազմած է Պետրոս Տօնապետեան, որ յառաջաբանին մէջ կը նշէ.- «Գիրքին հեղինակը մէկ անձ չէ, այլ՝ քանի մը հարիւր, բայց անոնք, սակաւ բացառութեամբ, այսօր չկան այլեւս երկրի երեսին»:
Հասանելի է նաեւ գիրքի ելեկտրոնային տարբերակը՝ անգլերէնով եւ ռուսերէնով: Իսկ ապագային, թանգարանը կը նախատեսէ հրատարակել գերմաներէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն տարբերակները:
Նամակներու ժողովածոն առաջին անգամ հրատարակուած է 1922ին, Փարիզի «Յակոբ Թիւրապեան» տպարանէն: