Ըն­դա­ռա­ջե­լով Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հրա­ւէ­րին՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան Կո­մի­տէի նա­խա­գահ, բա­րե­րար Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան, դէ­պի Եւ­րո­պա իր այ­ցե­լու­թեան ճամ­բուն վրայ, Ուր­բաթ՝ 24 Յու­լիս 2015ին այ­ցե­լեց Լի­բա­նան։ Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6ին, ան այ­ցե­լեց Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վանք, ուր մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ մայ­րա­վան­քին։

Հայ­րե­նի հիւ­րը մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ մա­տե­նա­դա­րա­նին, թան­գա­րա­նին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի մատ­րան։ Ա­պա ուղ­ղո­ւե­ցաւ­Պիք­ֆա­յա, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ՝ ներ­կա­յու­թեամբ Լի­բա­նա­նի եւ Բե­րիոյ թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ ազ­գա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Նախ­քան հան­դի­պու­մը, ան այ­ցե­լեց Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի, որ­մէ ետք ուղ­ղո­ւե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նին մօտ, ուր ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղեց յու­շար­ձա­նի կող­քին գտնո­ւող խաչ­քա­րին դի­մաց։

Այ­նու­հե­տեւ Գ. Ծա­ռու­կեան ի­րեն ըն­կե­րակ­ցող պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ ուղ­ղո­ւե­ցաւ վե­հա­րան։

Շուրջ մէկ ժամ տե­ւած հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս՝ ող­ջու­նե­լէ ետք Ծա­ռու­կեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ նկա­տել տո­ւաւ, որ «­Մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ մեր ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման գծով այս Ա­թո­ռը կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ Ս­փիւռ­քի մէջ»: Բե­րիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդ Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց վեր­ջին 5 տա­րի­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով Սու­րիոյ հա­յու­թեան տագ­նա­պը եւ կա­րիք­նե­րը։

Ա­ւար­տին՝ խօսք ա­ռաւ բա­րե­րար Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան, որ հպար­տու­թիւն եւ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Լի­բա­նա­նի մէջ իր ներ­կա­յու­թեան հա­մար։

Ան գնա­հա­տեց Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հա­յա­պահ­պան­ման եւ հա­մախմբ­ման ի նպաստ տա­րած աշ­խա­տան­քը։ Ան նաեւ նկա­տել տո­ւաւ, որ մարդ ա­րա­րա­ծը իր կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ պէտք է օ­ժան­դա­կէ եւ ա­ջակ­ցի ազ­գին՝ յայ­տա­րա­րե­լով, որ «­Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան Հիմ­նադ­րամ»ը 500 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար կը նո­ւի­րէ Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն եւ սու­րիա­հա­յու­թեան կա­րիք­նե­րուն։ Ա­պա՝ ան ար­ծա­թեայ մեծ խաչ մը նո­ւի­րեց վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին, որ իր կար­գին Բարձր­բեր­դի Ա­ւե­տա­րան եւ յի­շա­տա­կի նո­ւէր­ներ յանձ­նեց յայտ­նի բա­րե­րա­րին։