Կաթողիկէ Պատրիարքարանի (Պէյրութ) լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսներու եւ Եպիսկոպոսներու ընտրական Սիւնհոդոսը, որ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի յաջորդի ընտրութեան աշխատանքներուն սկսած էր երեքշաբթի՝ 14 Յու
լիս 2015ի առաւօտեան` Ս. Պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ, յետ խորհրդակցութիւններու, իր 25 Յուլիս 2015ի առաւօտեան նիստին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց 20րդ Կաթողիկոս-Պատրիարք ընտրեց արհիապատիւ հայր Գրիգոր Եպս. Կապրոյեանը, որ առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը: Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարք ծնած է 15 Նոյեմբեր 1934ին, իբրեւ Զմմառու միաբան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 28 Մարտ 1959ին, Եպիսկոպոս օծուած է 13 Փետրուար 1977ին: Առաջնորդն է Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմին: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ նաեւ, թէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Զմմառու պատրիարքական աթոռ` Զմմառու վանքին մէջ, Կիրակի՝ 9 Օգոստոս 2015ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին:
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհաւորեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-Պատրիարքը
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհաւորական նամակ ուղարկած է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին։ Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնած է անոր ընտրութեան առիթով եւ շնորհած է եկեղեցական հաղորդութիւնը, որ նորընտիր պատրիարքը առանձին նամակով մը խնդրած էր Պապէն, ինչպէս սահմանուած է եկեղեցական կանոններով: Պապը իր նամակին մէջ գրած է, որ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ հայ եկեղեցին կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ: Պապը նկատի ունի յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները՝ ահաբեկչական գործողութեանց հետեւանքով: «Յարուցեալ Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքի լոյսով լուսաւորուած` մենք լի ենք յոյսով եւ եղբայրասիրութեամբ, որովհետեւ վստահ ենք, որ Յիսուսի Խաչը կենսատու ծառն է»,- գրած է Սրբազան Քահանայապետը:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի միւս Եպիսկոպոսները միասին պիտի առաջնորդուին Սուրբ Հոգիով` ըլլալու բարի հովիւներ, իրենց խնամքին վստահուած Աստուծոյ ժողովուրդին համար, բարեխօսութեամբ բազմաթիւ հայ նահատակներու եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի։