­Ջա­ւախ­քի ­Կար­ծախ գիւ­ղին մէջ սկսած է կա­ռու­ցու­մը ա­շուղ ­Ջի­ւա­նիի տուն-թան­գա­րա­նին, ո­րուն հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 25 ­Յու­լի­սին:
Հայ ա­շու­ղա­կան եր­գա­րո­ւես­տի վար­պե­տին 170ա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ տուն-թան­գա­րա­նը իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ 2016 թո­ւա­կա­նի ամ­րան:

Տուն-թան­գա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նած է «­Ջա­ւախ­քին Ա­ջակ­ցու­թիւն» հիմ­նադ­րա­մը:­Շարք մը հա­սա­րա­կա­կան-մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րու, մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու եւ ե­րա­ժիշտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազմուած հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­ժո­ղո­վը կը կա­տա­րէ տուն-թան­գա­րա­նին անհ­րա­ժեշտ ցու­ցադ­րա­կան նիւ­թե­րու, ­Ջի­ւա­նիի ձե­ռա­գիր­նե­րու, ե­րաժշտա­կան գոր­ծիք­նե­րու, լու­սան­կար­նե­րու, անձ­նա­կան ի­րե­րու հա­ւա­քագր­ման գոր­ծը:
Թան­գա­րան դարձ­նե­լու նպա­տա­կով՝ ­Ջի­ւա­նիի հօ­րե­նա­կան տու­նը հիմ­նադ­րա­մին նո­ւի­րած է ­Կար­ծախ գիւ­ղի ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ Ս­պար­տակ ­Բան­գո­յեան: