Հայկական ու ամերիկեան յառաջատար կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները այս շաբաթ հանդիպած են Ա.Մ.Ն. պետքարտուղարութեան պաշտօնեաներուն, որպէսզի գտնեն իրագործելի լուծումներ՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ, Լիբանանի ու Հայաստանի սուրիահայերուն միջազգային օգ նութեան առաքման թերութիւնները վերցնելու համար:
Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն՝ խօսելով ամերիկահայերու անունով, պատուիրակութեան անդամներ Քէն Խաչիկեան, Հայկ Օշական, Վիգէն Յովսէփեան, Թալին Դաղլեան, Արամ Համբարեան եւ Քէյթ Նահապետեան կարեւորած են վտանգի գօտիին մէջ ապրող սուրիահայերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն աջակցելու հարցերը: Իրենց հերթին` պետքարտուղարութեան ներկայացուցիչները հաստատած են Ա.Մ.Ն.ի ցանկութիւնը` աջակցելու Սուրիոյ հայկական համայնքին, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են համագործակցելու Ամերիկայի հայ համայնքին հետ` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի սուրիահայերուն օգնութիւն ցուցաբերելու ժամանակ յառաջացող որեւէ խնդրի լուծման ուղղութեամբ:
Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՛աշխատի Քոնկրեսի հետ` Ա.Մ.Ն.ի կողմէ սուրիահայերուն տրուող ֆինանսական աջակցութիւնը աւելցնելու ուղղութեամբ` Միացեալ Նահանգներու կողմէ 2016ին օտարերկրեայ օգնութեան օրինագիծի ծիրէն ներս: