Պա­տե­րազ­մա­կան Հա­լէ­պի մէջ, վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րուն, ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ վե­րա­կանգ­նո­ւած է պե­տա­կան ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մը, ինչ­պէս նաեւ փո­րո­ւած են հո­րեր, ո­րոնք մա­սամբ կը լու­ծեն ա­մա­ռո­ւան այս տա­քուն՝ քա­ղա­քը ջու­րով մա­տա­կա­րա­րե­լու խնդի­րը:

Այս մա­սին Tert.amին յայտ­նած է Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բեր Ժի­րայր Ռէի­սեան` անդ­րա­դառ­նա­լով այն հար­ցու­մին, թէ որ­քա՞ն են Հա­լէ­պի մէջ ջու­րի պա­շար­նե­րը:

«Այդ հո­րե­րուն մէկ մա­սին ջու­րը կա­րե­լի է նկա­տել ըմ­պե­լի, միւս մասն ալ նա­խա­տե­սուած է ա­ռօ­րեայ–­կեն­ցա­ղա­յին գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար: Եւ, ան­շուշտ, բա­ցի այդ հո­րե­րէն, ջուր մա­տա­կա­րա­րող անձ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կան վճա­րո­վի: Ըմ­պե­լի ջուր` շի­շե­րով, կայ նաեւ խա­նութ­նե­րու մէջ»,- ը­սած է Ժի­րայր Ռէի­սեան:

Ժի­րայր Ռէի­սեան նկա­տած է, որ Հա­լէ­պի մէջ օ­րա­կան քա­նի մը ժա­մով, ըստ էու­թեան, հով­ահա­րա­յին կար­գով կայ նաեւ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան մա­տա­կա­րա­րում, քա­նի որ նշած է.- «Ոչ յստակ ժա­մե­րով, բայց օ­րա­կան մէկ-եր­կու ան­գամ` մէկ եւ կէս ժամ կը տրո­ւի»:

Ի պա­տաս­խան այն հար­ցու­մին, թէ Հա­լէ­պի մէջ քա­ղա­քի հա­յազ­գի բնակ­չու­թեան ո՞ր մա­սը մնա­ցած է, Բե­րիոյ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի խօս­նա­կը դժո­ւա­րա­ցաւ պա­տաս­խա­նել` ը­սե­լով, որ ձեռ­քի տակ վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ չու­նի եւ որ ոչ ոք ու­նի զա­նոնք: «Ո­րով­հե­տեւ միշտ տե­ղա­շարժ է. կայ ժա­մա­նա­կա­ւոր, կան այլ պատ­կե­րա­ցում­ներ, եւ ոչ ոք վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ կրնայ ու­նե­նալ»,- ա­ւե­լ­ցու­ցած է ան: Հար­ցու­մին, թէ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը մէկ միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նի՞ մնա­լու կամ գաղ­թե­լու, վեր­ջինս ը­սած է.- «Իւ­րա­քան­չիւր անձ, իր անձ­նա­կան պայ­ման­նե­րէն դրդո­ւած, կ’ո­րո­շէ իր ը­նե­լի­քը: Այ­սինքն` մնալն ալ իր անձ­նա­կան ո­րո­շումն է, դուրս գալն ալ»: