Հ.Յ.Դ. Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը (ANCA) կոչ կ­՛ուղ­ղէ ա­մե­րի­կա­հա­յե­րուն՝ ան­մասն չմնա­լու, թէ ի՛նչ կը կա­տա­րո­ւի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ եւ դի­մում­ներ յղե­լու նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յին ու Քոնկ­րե­սին՝ պա­հան­ջե­լով ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Սու­րիոյ մէջ ապ­րող սու­րիա­հա­յե­րուն:

Tert.amի փո­խանց­մամբ` այդ առն­չու­թեամբ ANCAի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին մէջ սկսած է ստո­րագ­րա­հա­ւաք:

Նա­մա­կով կոչ կ­՛ուղ­ղո­ւի ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն` նաեւ ճնշում գոր­ծադ­րե­լու Ա.Մ.Ն. կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ այն հար­ցի առն­չու­թեամբ, թէ ար­դեօք Սու­րիոյ մէջ Ա.Մ.Ն.ի եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան տրա­մադ­րո­ւած օգ­նու­թիւ­նը կը հաս­նի՞ սու­րիա­հա­յե­րուն եւ վտան­գի մէջ յայտ­նո­ւած մնա­ցեալ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն: «­Մար­դա­սի­րա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ու­շա­նա­լու կամ չհաս­նե­լու պատ­ճա­ռով՝ բազ­մա­թիւ մար­դիկ, յատ­կա­պէս ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, լքած են եր­կի­րը»,- ը­սո­ւած է նա­մա­կին մէջ:

Ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ նոյն­պէս կրնայ ա­ջակ­ցիլ սու­րիա­հա­յե­րուն: «­Բազ­մա­հա­զար սու­րիա­հա­յեր վե­րա­դար­ձած են հայ­րե­նիք, մինչ­դեռ Հա­յաս­տա­նը, որ­պէս փախս­տա­կան­ներ ըն­դու­նող եր­կիր, շատ քիչ մի­ջազ­գա­յին ա­ջակ­ցու­թիւն կը ստա­նայ: Հե­տե­ւա­բար, Ա.Մ.Ն.ն կր­նայ այս հար­ցով կանգ­նիլ Հա­յաս­տա­նի կող­քին, ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րել սու­րիա­հա­յե­րուն` ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ աշ­խա­տանք գտնե­լու, ա­ռող­ջա­կան խնդիր­նե­րու կար­գա­ւոր­ման առն­չու­թեամբ»,- նշո­ւած է նա­մա­կին մէջ:

ANCAն կոչ կ­՛ուղ­ղէ նա­մակ­նե­րը ստո­րագ­րե­լու եւ հաս­ցէագ­րե­լու ինչ­պէս նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յին, այն­պէս ալ Քոնկ­րե­սի ի­րենց նա­հան­գէն ընտ­րո­ւած ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին: