14 Յու­լիս 2015ը մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ ար­ձա­նագրուե­ցաւ իբ­րեւ չա­փա­զանց կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րու­մի օր: Ար­դա­րեւ, Ի­րանն ու Վե­ցեա­կը (­Միացեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սիա, Չի­նաս­տան, Ֆ­րան­սա, Բ­րի­տա­նիա եւ Գեր­մա­նիա) Թեհ­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրա­գի­րին շուրջ «պատ­մա­ կան» հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­ցու­ցին։

Հիւ­լէա­կան Ու­ժա­նիւ­թի Մի­ջազ­գա­յին Գոր­ծա­կա­լու­թեան տնօ­րէն Եու­քիա Ա­մա­նօ եւ Ի­րա­նի բա­նագ­նաց­նե­րու խում­բի ղե­կա­վար, փոխ-նա­խա­գահ Ա­լի Աք­պար Սա­լե­հի, 14 Յու­լի­սին, Վիեն­նա­յի մէջ ստո­րագ­րե­ցին «­Ճամ­բու քար­տէզ»ը։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա, այս ա­ռի­թով, յայտ­նած է, որ գոր­ծար­քը կը հիմ­նո­ւի ո՛չ թէ վստա­հու­թեան, այլ ստու­գում­նե­րու վրայ: Ըստ ա­նոր՝ ե­թէ Ի­րան կա­տա­րէ պա­հանջ­նե­րը, այն ա­տեն պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը չե­ղեալ պի­տի յայ­տա­րա­րո­ւին: Օ­պա­մա նաեւ հաս­տա­տած է, որ Ի­րա­նի կող­մէ գոր­ծար­քը խախ­տե­լու ո­րե­ւէ փորձ ան­մի­ջա­պէս պի­տի յան­գեց­նէ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու վե­րա­կանգն­ման: «Ես հա­մոզուած եմ, որ այս գոր­ծար­քը կը բխի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ մեր դաշ­նա­կից­նե­րու ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան շա­հե­րէն, ուս­տի՝ ես վե­թո­յի պի­տի են­թար­կեմ գոր­ծար­քի ի­րա­կա­նա­ցու­մը խո­չըն­դո­տող ո­րե­ւէ օ­րի­նա­գիծ»,- յայտ­նած է Օ­պա­մա: Ի­րա­նի նա­խա­գահ Հա­սան Ռո­հա­նի, Վիեն­նա­յի մէջ ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նա­գի­րին վե­րա­բե­րեալ, յա­տուկ ու­ղեր­ձով հան­դէս ե­կած է պատ­կե­րաս­փիւ­ռի պե­տա­կան կա­յա­նէն։

«Եր­ջա­նիկ եմ, որ, Ի­րա­նի եւ Վե­ցեա­կի 23 ա­միս տե­ւած բա­նակ­ցու­թե­նէն ետք, կա­րե­լի ե­ղաւ թե­ւա­կո­խել նոր ժա­մա­նա­կաշըր­ջան»,- յայտ­նած է Ռո­հա­նի:

Այս­պի­սով՝ 18 օր տե­ւած բա­նակ­ցա­յին մա­րա­թո­նը ա­ւար­տե­ցաւ: Քն­նար­կում­նե­րը կա­յա­ցած են «Ի­րան-5 գու­մա­րած 1» ձե­ւա­չա­փով: Հինգ եր­կիր­նե­րը Մ.Ա.Կ.ի Ա­պա­հո­վու­թեան Խոր­հուր­դի մնա­յուն ան­դամ­ներն են, ա­նոնց վրայ ա­ւել­ցած է Գեր­մա­նիան։ Ըստ հա­մա­ձայ­նու­թեան՝ Մ.Ա.Կ.ի տե­սուչ­նե­րը ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նան Ի­րա­նի ռազ­մա­կան եւ գի­տա­կան կեդ­րոն­ներ տես­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ի­րա­նա­կան կող­մը պար­տա­ւոր չէ ան­մի­ջա­պէս թոյ­լատ­րե­լու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եւ կրնայ յա­ւե­լեալ պար­զա­բա­նում­ներ պա­հան­ջել: Ն­ման պա­րա­գա­նե­րու հար­ցը պէտք է քննար­կէ Վե­ցեա­կէն եւ Ի­րա­նի փոր­ձա­գէտ­նե­րէ կազ­մո­ւած միա­ցեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վը: Գոր­ծար­քի քննա­դատ­նե­րը այդ հան­գա­ման­քը կը նկա­տեն հա­մա­ձայ­նու­թեան թոյլ կէ­տը: Բայց զայն կը հա­ւա­սա­րակշ­ռէ կա­րե­ւոր միւս դրոյ­թը՝ Ի­րա­նի միջ-մայր­ցա­մա­քա­յին հրթիռ­նե­րու ստեղծ­ման ծրա­գի­րը զսպող պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը 8 տա­րի պի­տի մնան ու­ժի մէջ, իսկ Ի­րա­նի նկատ­մամբ Մ.Ա.Կ.ի սահ­մա­նած զէն­քի մա­տա­կա­րար­ման ար­գել­քը ու­ժի մէջ պի­տի մնայ 5 տա­րի:

Ի­րա­նը մին­չեւ վեր­ջին վայր­կեան պա­հան­ջած է ան­մի­ջա­պէս վերցնել զէն­քի մա­տա­կա­րար­ման ար­գել­քը, բան մը, ո­րուն թեր էր Ռու­սիան, բայց դէմ էին Ա­մե­րի­կան եւ Վե­ցեա­կի մնա­ցեալ եր­կիր­նե­րը: Վի­ճա­յա­րոյց այլ կէ­տի մը շուրջ եւս հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է. Ի­րան ըն­դու­նած է, որ ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը չկա­տա­րե­լու պա­րա­գա­յին՝ Մ.Ա.Կ. 65 օ­րե­րու ըն­թաց­քին պի­տի վե­րա­հաս­տա­տէ չե­ղեալ յայ­տա­րա­րած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը:

Ի­րա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Ի­րա­նի դրա­ցի­նե­րուն, այդ շար­քին՝ Հա­յաս­տա­նի։