altԱր­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ «­Սօ­սէի եւ Ա­լէ­նի Ժա­ռան­գու­թեան Հիմ­նադ­րամ»ը, «­Ֆու­լեր» տնա­շի­նա­կան կեդ­րո­նին հետ միաս­նա­բար, կ­՛օ­ժան­դա­կէ տու­ներ կա­ռու­ցե­լու կա­րիք ու­նե­ցող ըն­տա­նիք­նե­րուն: Այս տա­րի 34 AYFա­կան կա­մա­ւոր­ներ, ո­րոնք կը մաս­նակ­ցին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Հայ Ե­րի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­ թեան (AYF) ծրագ­րին, Աշ­տա­րա­կի մէջ բնա­կող Գ­զի­րեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին տուն կա­ռու­ցե­լու աշ­խա­տանք­նե­րուն կ­՛օ­ժան­դա­կեն։ Գ­զի­րեան­նե­րուն ըն­տա­նի­քը բաղ­կա­ցած է 6 ան­դամ­նե­րէ՝ տա­տի­կը, ա­նոր որ­դին, հար­սը եւ ե­րեք ե­րե­խա­նե­րը: Պա­պի­կը զո­հո­ւած է Ար­ցա­խեան Պա­տե­րազ­մի ա­տեն։ Եր­կար տա­րի­ներ ըն­տա­նի­քը ապ­րած է հա­րա­զատ­նե­րու ու ըն­կեր­նե­րու տու­նե­րը:

2009ին Գ­զի­րեան­նե­րը հող գնած են, բայց կա­րե­լիու­թիւն չեն ու­նե­ցած տուն կա­ռու­ցե­լու, ո­րով­հե­տեւ մի­ջոց­նե­րը չեն կրցած ա­պա­հո­վել։

Ն­շենք, որ «­Սօ­սէի եւ Ա­լէ­նի Ժա­ռան­գու­թեան Հիմ­նադ­րամ»ը ստեղ­ծո­ւած է Քա­լի­ֆոր­նիոյ Կ­լեն­տէյլ քա­ղա­քին մէջ՝ ի յի­շա­տակ ա­մուս­նա­ցած զոյ­գին, որ ինք­նա­շար­ժի ար­կա­ծի զոհ գա­ցած է։