Հայ եւ ասորի եկեղեցիները պիտի սերտացնեն համագործակցութիւնը
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Շաբաթ՝ 11 Յուլիս 2015ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ ասորիներու պատրիարք Իգնատիոս Աֆրամ Բ.ի միջեւ: Վեհափառ Հայրապետի կողքին, հանդիպման ներկայ եղած են միաբան հայրեր, իսկ պատրիարքին ընկերացած են ասորի հոգեւոր հայրեր՝ Պէյրութէն եւ Դամասկոսէն: Եղբայրա կան սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, կարեւորութեամբ շեշտուած է հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն գործակցութեան նոր թափ տալու հրամայականը, Միջին Արեւելքի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս: Աֆրամ Բ. Պատրիարք իր շնորհակալութիւնը յայտնած է Վեհափառ Հայրապետին, ասորի ժողովուրդի ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բացման հանդիսութեան իր ներկայութեան ու պատգամին համար: